2013-05-25 12:12:36

Մայիս 25-ին կը Բացուի “Հետքերով Որբերու Հայոց” Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը


Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Հեֆըր Մայիս 25-ին Հայաստանի ազգային պատկերասրահի մէջ կը բացի «Հետքերով որբերու հայոց» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսը, որ Նարեկացի արուեստի միութեան, Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամի եւ ԱՄՆ դեսպանութեան համատեղ ծրագիրն է:
Ցուցահանդէսի ընթացքին կը նեկայացուի 1915-ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղ գտած վայրագութիւններէն ետք հարիւր հազարաւոր հայ որբերու կեանք փրկած ամերիկեան մարդասիրական առաքելութեան` Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամի յուզիչ պատմութիւնը:
Ցուցահանդէսի բացման ելոյթով հանդէս կու գայ Ճոն Հեֆըր, Նարեկացի արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեան, Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամի նախագահ Շանթ Մարտիրոսեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան` լոյս սփռելով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու այս կարեւոր դրուագին: Իրենց ընտանիքի պատմութիւնը կը ներկայացնեն նաեւ այդ որբանոցներու մէջ հասակ առած երկու որբերու ազգականները: Ցուցահանդէսի բացումը նաեւ կը նշանաւորուի Զարեհ Ճգնաւորեանի «որ չկորչեն անհետ» փաստագրական ֆիլմի ցուցադրմամբ եւ Նարեկացի ժողովրդական նուագարաններու համոյթի կատարմամբ` նուիրուած Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամին:
ԱՄՆ դեսպանատունը, Նարեկացի արուեստի միութիւնը եւ Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամը նման ցուցահանդէսներ կը բանան Մայիս 26-ին Երեւանի մէջ` Նարեկացի արուեստի միութեան շէնքի մէջ եւ Մայիս 27-ին Գիւմրիի` «թռչունեան տուն» մանկատան մէջ: Բոլոր երեք ցուցահանդէսները բաց կ’ըլլան մինչեւ Յունիս 8-ը, մուտքը անվճար է:








All the contents on this site are copyrighted ©.