2013-05-25 12:13:45

Երանացման Արարողութիւն Հայր Բինօ Բուլյիզիի


Շաբաթ 25 Մաիսի առաւօտեան ժամը 10.30 ին, Բալէրմոյի ''ֆորօ Իդալիքո'' հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ Հայր Բինօ Բուլյիզիի երանացման արարողութիւնը։
Հայր Բինօն սպաննուած է Սիկիլիայի Մաֆիայի կողմէ 25 Սեպտեմբեր 1993 ին, իր 56րդ տարեդարձին օրը։ Ան քահանայ ձեռնադրուած էր 2 Յուլիս 1960 ին։ Ան Եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած է իբրեւ նահատակ։
Հայր Ալէսանտօ Մինութէլլա, Բալէրմօյի ''Սան Յովհաննէս Պոսկոյի'' ժողովրդապետը Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց թէ
''Հայր Բինօն չէ աշխատած Մաֆիային դէմ, այլ ապրած է աւետարանին խօսքը
Առօրեայ կեանքին մէջ, պայքար մղելով չարին դէմ։''
Հաւատքի դէմ ատելութեան պատճառաւ ենթարկուեցաւ սպաննութեան եւ ահա այսօր Եկեղեցւոյ կողմէ արժանացաւ Նահատակ տիտղոսին։

Հայր Բուլյիզիի շիրիմին վրայ արձանագրուած է Յովհաննէս աւետարանիչի հետեւեալ խօսքը .''Չկայ աւելի մեծ սէր քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար։''
15 սեպտեմբեր 1999 ին Բալէրմոյի Արք Կարտինալ Րէ Ճօրժի հայր Բուլյիզին հռչակած է Աստուծոյ ծառայ։
28 յունիս 2012ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը ստորրագրած է անոր երանացման կոնդակը եւ 15 Սեպտեմբեր 2012 ին Բալէրմոյի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Բաօլօ Րոմէօ յայտնած է հայր Բինօ Բուլյիզիի երանացման արարողութեան թուականը 25 մայիս 2013։
Ֆրանչիկսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սալվադորէ Տէ Ճորճին նշանակած է իր յատուկ նոււիրակը գլխաւորելու համար Հայր Բուլյիզիի երանացման արարողութիւնը մինչ Բարերմոյի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Բաոլօ Րոմէոն նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.