2013-05-25 12:13:32

«Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնը Այս Տարի Ստացած Է 1200 Դիմում՝ 94 Երկիրներէ


Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային 10րդ շարժապատկերի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 7-14 Յուլիս: Այս տարի եւս փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է «Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը: «Ոսկէ ծիրան»ին համար 2013 թուական առանձնայատուկ է, որովհետեւ յոբելենական է: Փառատօնին ընթացքին պիտի հիւրընկալուին շարժապատկերի կեանքին մէջ ունեցած մեծ վաստակին համար «Փարաջանովեան թալեր»ի արժանացած նշանաւոր գործիչներ Քշիշտոֆ Զանուսին, Կոտֆրի Ռեճիոն եւ Ճոս Ստելինկը: Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ պիտի տեղադրուի աշխարհահռչակ արուեստագէտ, դերասան Շարլ Ազնաւուրի աստղը:
Այս մասին նշուած է «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային 10րդ շարժապատկերի փառատօնին նուիրուած առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որուն մասնակցած են Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, «Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը, փառատօնի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեանն ու գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեանը:
«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»ի մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, փառատօնը այս տարի ստացած է շուրջ 1200 դիմում՝ աշխարհի 94 երկիրներէ (2012ին՝ 67 երկիր), ինչ որ կը հաստատէ, որ «Ոսկէ ծիրան»ին հանդէպ հետաքրքրութիւնը տարուէ տարի կ՛աւելնայ:
«Ոսկէ ծիրան» կինօփառատօնն այս տարի եւս կը ներկայանայ լիամետրաժ, վաւերագրական եւ «Կորիզ» կարճամետրաժ ֆիլմերի միջազգային մրցոյթային ծրագրերով, ինչպէս նաեւ «Հայկական համայնապատկեր» ազգային մրցոյթային ծրագրով: Մրցոյթային ծրագրերում ընդգրկուած ֆիլմերը գնահատելու է չորս ժիւրի: «Խաղարկային ֆիլմերի միջազգային մրցոյթ»ի ժիւրին կը գլխաւորի հունգարացի ականաւոր կինօռեժիսոր, համաշխարհային կինոյի դասական՝ Իշտուան Սաբոն, իսկ «Վաւերագրական ֆիլմերի միջազգային մրցոյթ»ի ժիւրին կը գլխաւորի 2012ի «Ոսկէ ծիրան»ի դափնեկիր, նշանաւոր կինօռեժիսոր Սերգէյ Լոզնիցան: Փառատօնի օրերին կ՛աշխատեն նաեւ Կինօգետների եւ կինօքննադատների միջազգային ֆեդերացիան (ՖԻՊՐԵՍՍԻ) եւ Էկումենիկ ժիւրին: Հարուստ են «Ոսկէ ծիրան»ի արտամրցոյթային ծրագրերը: Դրանց թւում առանձնակի նշանակութիւն ունեն «Երեւանեան պրեմիէրաներ», «Յետահայեաց ցուցադրութիւններ» եւ «Յարգանքի տուրք» ծրագրերը, որոնցում անակնկալներ են սպասւում համաշխարհային կինոյի վարպետներից: Փառատօնի շրջանակում յարգանքի տուրք կը մատուցուի Արամ Խաչատրեանի 110, Արտաւազդ Փելեշեանի եւ Ներսէս Յովհաննիսեանի 75ամեակների առթիւ», նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
«Արուեստը ձգտում է ազատութեան: Որպէս երեւակայականի արուեստ, կինոն հսկայական դեր է կատարում անհատի կրթութեան եւ զարգացման գործում: Հետեւաբար, Հայաստանում կինօարուեստի սիրահարների համար բացառիկ արժէք ունեցող, առաւել նրբաճաշակ, հետաքրքիր եւ լուրջ ֆիլմերը հասանելի դարձնելն աջակցութեան արժանի կարեւորագոյն գործ է: Միւս կողմից, «Ոսկէ ծիրան»ի շնորհիւ, Հայաստանի երիտասարդութիւնը սկսել է աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել կինօարուեստի եւ կինօարտադրութեան հանդէպ: «Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»ի համար «Ոսկէ ծիրան»ի առաքելութիւնը չի սահմանափակւում կինօմատոգրաֆիկ նշանակութեամբ. կինոփառատօնը կարեւոր քայլ է աշխարհի մշակութային քարտէզի վրայ Հայաստանի ուրոյն տեղն ամրապնդելու ուղղութեամբ», նշած է «Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.» գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
«Ոսկէ ծիրան» յոբելեանական տասներորդ փառատօնին մասին հրապարակումներ պիտի կատարեն նաեւ միջազգային պատկերասփիւռի կայաններ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։
Փառատօնէն առաջ միջազգային մակարդակի մասնագէտներու եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներէ ժամանած շարժապատկերի երիտասարդ վարպետներ, քննադատներ՝ «Կինօլրագրութիւն առանց սահմաններ»ի խորագիրով դասընթացք պիտի տան: Այս ծիրին մէջ պիտի հրատարակուի «Ոսկէ ծիրան» տարեկան պարբերականը:








All the contents on this site are copyrighted ©.