2013-05-24 10:48:24

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Խորհրդածութիւնը ''Հաւատոյ Դաւանանքի'' Արարողութեան Առթիւ Իտալացի Եպսիկոպոսներուն Ներկայութեամբ։


''Եպիսկոպոսը Լոկ Պաշտօնատար մը չէ'' Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Հինգշաբթի յետ միջօրէի ժամը 18-ին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ տեղի ունեցաւ ''Հաւատոյ Դաւանանքի'' արարողութիւնը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամ` 250 եպիսկոպոսներու մասնկացութեամբ որոնք հռոմ կը գտնուին իրենց 65րդ համաժողովի առթիւ, եզրափակելու համար նաեւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կանոնական հնգամեայ այցելութիւնները։

Արարողութեան ընթացքին ներկայացուցած իր խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը նկատել տուաւ թէ խորհրդանշական է որ Իտալացի եպիսկոպոսներուն հետ միատեղ, այս առաջին հանդիպումը, տեղի կ՛ունենայ այն վայրին մէջ ուր պահպանուած է ոչ միայն Սուրբ Պետրոսի դամբանը այլ նաեւ հաւատքի ողջ վկայութեան յիշատակը, ու Անոր ճշմարտութեան ի սպաս ծառայութիւնն ու նուիրումը մինչեւ Աւետարանի եւ Եկեղեցւոյ համար մարտիրոսութիւն։

Այս երեկոյ - յարեց Սրբազան Հայրը - Խոստովանանքի խորանը կը դառնայ Տիբերական ծովի ափ, ուր կ՛ունկնդրենք Յիսուսի ու Պետրոսի միջեւ խօսակցութիւնը ու այն հարցումը զոր Յիսուս կ՛ուղղէ իր աշակերտին, որ պէտք է մեր սրտերուն մէջ եւս հնչէ ''Կը սիր՞ես զիս։ Բարեկամ ե՞ս ինծի։'' Հարցում մը ուղղուած մարդու մը որ հակառակ հանդիսաւոր յատարարութիւններուն վախի մատնուած եւ ուրացումի դիմած էր։ ''Կը սիր՞ես զիս։ Բարեկամ ե՞ս ինծի'' հարցում մը ուղղուած մեզմէ ամէն մէկուն եւ որուն պատասխանը փնտռելու ենք մեր սրտերոուն խորքը։

Այն որ սրտերը կը ճանչնայ կը դառնայ ''սիրոյ մուրացկան'' եւ մեզի կ՛ուղղէ հարցում մը որ էական է, նախաբան եւ պայման է հովուելու համար Իրեն ոչխարներն ու գառնուկները եւ Իր Եկեղեցին։ Միւս կողմէն Տէրը սիրելու հետեւանքը ամէն ինչ նուիրլն է, նոյնիսկ կեանքը ու այս է որ զանազանէ մեր հովուական առաքելութիւնը։

Մենք կազմակերպութեան եւ կառոյցի մը արտայայտութիւնը չենք ու մեր իշխանութեան ծառայութեամբ եւս կանչուած ենք ըլլալու Յարուցեալ Քրիստոսի ներկայութեան ու ներգործումի նշան, կառուցելու համար եղբայրական ողորմութեան հասարակութիւնը - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա զգուշացուց եպիսկոպոսները ըսելով ''նոյնիսկ ամէնէ մեծ սէրը եթէ սնունդ չստանայ կը տկարանայ ու կը մարի։ Արդարեւ Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ '' Զգո՛յշ եղէք, դուք ձեզի եւ հօտին, որուն վրայ Հոգին Սուրբ տեսուչ կարգեց ձեզ, հովուելու Տիրոջ ժողովուրդը զոր փրկեց իր արիւնով։ (Գործք Առաքելոց 20,28)։ ''

Հսկողութեան պակասը գաղջութեան կը մատնէ Հովիւը ու զայն կը հրապուրէ ասպարէզի հեռանկարներով....ու զայն կը դարձնէ լոկ պաշտօնատար մը մտահոգուած իր եսով եւ կառոյցներու կազմակերպութեամբ, փոխանակ Աստուծոյ ժողովուրդին բարիքով զբաղելու։

Հովիւ ըլլալ կը նշանակէ ամէն օր հաւատալ Տիրոջմէ բխած շնորհքին եւ ուժին. հակառակ մեր տկարութիւններուն։ Հովիւ ըլլալ կը նշանակէ պատասխանատուութիւն ստանձնել հօտին առջեւէն քալելու առանց վարանումի։ Հովիւ ըլլալ կը նշանակէ կարող ըլլալ ունկնդրել տառապողներու ձայնը եւ աջակցիլ անոնց որ կարող չեն մինակ ընթանալու....յատուկ տեղ տալով մեր վարդապտերներուն որոնց առջեւ միշտ բաց պահելու ենք մեր սրտերը, մեր ձեռքերն ու դռները։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը եզրափակելէ առաջ ըսաւ ''Հաւատոյ Դաւանանքը որ միասնաբար պիտի արտասանենք վերանորոգումն է ''ինծի հետեէ'' կոչին մեր համապատասխանին.... որ մեզ կը մղէ մեր կեանքը դնելու Աստուծոյ ծրագիրի տրամադրութեան տակ մեր ամբողջ էութեամբ։ Ան ապա Տիրամօր նուիրուած աղօթք մը արտասանեց իր եղբայրակիցները յանձնելով անոր մայրական հովանիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.