2013-05-24 12:11:31

ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետի 24 Մայիսի Գործունէութիւնը։
''Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովութեան Քահանայապետական խորհուրդի անդամներուն հետ հանդիպում''


Ուրբաթ 24 մայիսի առաւօտեան ֆրանչիսկսոս Սրբազան Քահանայապետը, Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերու Տօնին առթիւ, յաջորդաբար ընդունեց` Պուլկարիայէն եւ Մակեդոնեայէն ժամանած պատուիրակութիւններ գլխաւորութեամբ Պուլկարիոյ Վարչապետ Տիար Մարին Րայքովի եւ Մակեդոնեայի հանրապետութեան նախագահ Տիար Դրայքօ Վալիանովսքիի։
Ժամը 12-ին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Րիո Տէ Ժանէյրօյի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Օրանի Դեմբեսդա ու անոր ընկերացող շքախումբը, հուսկ ժամը 12,30-ին Գլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովութեան Քահանայապետական խորհուրդի 20րդ ընդհանուր նիստի 70 մասնակիցներուն։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Քահանայապետական Խորհուրդի 20րդ յոբելեանի նշումին ու այս առթիւ հռոմի մէջ կայացած ընդհանուր ժողովին ու անոր ընթացքին արծարծուած նիւթին։
Եկեղեցին - ըսաւ Սրբազան Հայրը -կը նորոգէ կոչը որպէսզի ամէն անհատի արժանապատութիւնը յարգուի եւ մարդու կեդրոնականութիւնը պահպանուի։ Եկեղեցին Մայր է - յարեց Քահանայապետը- եւ անոր մայրական խնամատարութիւնը եւ հոգատարութիւնը կ՛արտայայտուի անոնց հադէպ որ կը հեռանան իրենց երկիրներէն։
ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց բոլորը գաղթականներու աչքերուն ու սրտերուն ընդմէջէն տեսնելու յոյսի նշոյլը։ Յոյս մը որ արտացոլէ ապագայի սպասումներ, բարեկամական յարաբերութիւններու իղձ, հիւրընկալող ընկերութեան կեանքի մասնակցութիւն....Կը հիանամ - ըսաւ Սրբազան Հայրը- անոնց վրայ որ քաջութիւնը ունին յուսալու բնականոն կեանք մը վերսկսիլ։ Ամէնքս կրնանք ու պարտաւոր ենք այս յոյսը ներշնջել։
ֆրանչիսկոս պապը հուսկ հրաւէր ուղղեց բոլոր կառավարիչներուն եւ միջազգաին հասարակութեան յանձնառումով գործելու գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներո կեանքը բարելաւելու համար ու յորդորեց Քրիստոնեայ հասարակութիւններն ու անոնց Հովիւները ըլլալու հիւրընկալութեան, ունկնդրութեան եւ հաղորդակցութեան վայրեր։ Ան ապա բոլորին վրայ հայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի լուսաւորէ անոնց մտքերը ու ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.