2013-05-24 11:11:52

Արցախի Գիւղատնտեսութեան Ոլորտին Մէջ Կ՛ակնկալուի 15 Տոկոսի Աճ


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին համաձայն, այս տարուան ընթացքին գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ կ՛ակնկալուի մինչեւ 15 տոկոսի աճ: Այս մասին 22 Մայիսին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեանը՝ նշելով, որ ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակի արդիւնքներով գիւղատնտեսութիւնը կազմած է Համախառն ներքին արտադրութեան (ՀՆԱ) 5.6 տոկոսը՝ 1 միլիառ 696 միլիոն դրամ: Այդ ցուցանիշը հիմնականին մէջ ապահովուած է անասնապահութեան բնագաւառին հաշուոյն, ուր քանակի եւ արտադրութեան աճ արձանագրուած է բոլոր ենթաճիւղերուն մէջ: «Նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշերի համեմատ՝ խոշոր եղջերաւոր անասունների գլխաքանակը աճել է 11.2 տոկոսով, խոզերինը՝ 2 անգամ, ոչխարներինը եւ այծերինը՝ 42.2 տոկոսով, իսկ թռչուններինը՝ 9.2 տոկոսով», յայտնած է Խաչատրեան՝ աւելցնելով, որ աճի նշեալ ցուցանիշերու ապահովման իբրեւ արդիւնք միսի արտադրութիւնը առաջին եռամսեակին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով աճած է 12.9, կաթինը՝ 8.2 եւ ձուինը՝ 3.4 տոկոսով:
Անասնապահութեան բնագաւառին մէջ անասուններու թիւի աճը ինքնաբերաբար կերի հարց կը յառաջացնէ, իսկ այս տարուան գարնանային երաշտը աւելի եւս ծանրացուցած է վիճակը: Մասնագէտները, նախարարին համաձայն, յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելեն դաշտեր՝ ստուգելու, թէ անձրեւներէն ետք ի՛նչ վիճակ կը պարզէ աշնանացանը, գարնանացանը, ինչպէս նաեւ խոտհարքի վիճակը՝ ժամանակին գործնական միջոցներու ձեռնարկելու նպատակով:
Նախարարին համաձայն, հարցի լուծման առնչութեամբ ձեռնարկուած քայլերը այս տարի որոշ չափով պիտի մեղմացնեն վիճակը: Սակայն յառաջիկային այդ գծով աւելի լայնածաւալ աշխատանքներ պիտի տարուին:
«Այս տարի մենք ներկրել ենք 2000 հեկտարից աւելի տարածքի բաւարարող բազմամեայ կերային խոտաբոյսերի սերմեր, եւ դրանց արժէքի 50 տոկոսը սուբսիդաւորելով 2 տարի մարման ժամկէտով տրամադրում ենք բոլոր տնտեսվարող սուբյեկտներին: Այսպիսով փորձում ենք խոտհարքները փոխարինել բազմամեայ խոտաբոյսերով: Այս ծրագիրը յաջողուելու դէպքում առաջիկայում, կարծում եմ, այդ խնդիրը կը լուծուի», յայտնած է Անդրանիկ Խաչատրեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.