2013-05-24 12:59:29

24 - 2 8 Մայիս Կարտինալ Սանտրին Կ՛այցելէ Լիբանանը։


Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, 24 - 28 մայիս մեկնած է Լիբանան ուր պիտի մասնակցի Մարոնիդ երկու Եպիսկոպոսներու օծման արարողութեան եւ 26 մայիսին Զահլէի Տիրամօր նուիրուած Սրբավայրին մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ` Սուրիոյ, Լիբանանու եւ համայն միջին արեւելքի խաղաղութեան դիտաւորութեան։

Իր կեցութեան ընթացքին ծիրանաւորը պիտի հանդիպի Մարոնիթ, Մելքիդ, Ասորի եւ Հայ Պատրիարքներու հետ ինչպէս նաեւ կրօնական հաստատութիւններու անդամներուն եւ Լիբանանի Գարիթասի կամաւորներուն հետ որոնք Սուրիացի գաղթականներով կը զբաղին։

Յայտնենք որ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Պատրիարք` Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի հետ հանդիպումը նախատեսուած է շաբաթ 25 մայիսին մինչ երկուշաբթի 27 մայիսին Կարտինալ Սանտրին կ՛այցելէ Մխիթարեաններու դպրեվանքը եւ Սրբուհի Ռիթայի Սրբավայրը։

Լիբաբանէն ետք Կարտինալ Սանտրին պիտի փոխադրուի Յորդանան ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղական եկեղեցիներու Հովուապետերուն հետ եւ բացումը պիտի կատարէ Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքութեան պատկանող ''Մատապայի'' Համալսարանին։ Յորդանան կեցութեան ընթացքին նախատեսուած է նաեւ հանդիպում մը Յորդանանի Թագաւոր Ապտալլահ Բ-ին հետ ինչպէս նաեւ հանդիպում` սուրիացի գաղթականներուն հետ։
Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչը այս այցելութեամբ Լիբանանի եւ Յորդանանի հաւատացեալներուն ու անոնց Հովիւներուն կը փոխանցէ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի սիրալիր ողջոյնը ու անոր առաքելական օրհնութիւնը որպէս մօտիկութեան եւ յոյսի նշան։








All the contents on this site are copyrighted ©.