2013-05-23 12:24:11

Միջազգային Համաժողով ''Centesimus Annus Pro Pontifice'' Հիմնադրութեան 20րդ Տարեդարձի Առթիւ։


Մայիս 23էն - 25, Centesimus Annus Pro Pontifice հիմնարկի 20րդ տարեդարձի առթիւ, տեղի կ՜ունենա միջազգային համաժողով մը որուն խորաագիրն է ''վերատեսել աշխատանքի ի նպաստ զօրակցութիւնը - 21րդ դարու մարտահրաւէրները''։
Ուրբաթ 24 մայսիսի առաւօտեան ժամը 09.45 ին, Համաժողովի ծիրեն ներս տեղի կ՜ունենայ մրցանակաբաշխութիւն որուն ընթացքին Եղբայր Իուլիո Լուիս Մարդինէզ Յիսուսեան Միաբանութենէն եւ Փրոֆ Ստէֆանո Զամայնի պիտի ստանան ''տնտեսագիտութիւն եւ ընկերութիւն'' միջազգային առաջին մրցանակը։ Նշենք որ Եղբայր Իուլիո Լուիս Մարդինէզ հեղինակն է ''Քաղաքացիութիւն, գաղթ եւ կրօն'' հատորին մինչ փրոֆ Զամանյին հրատարակած է ''հասարակաց բարիքի տնտեսագիտութիւն'' հատորը։ 25 մայիսի առաւօտեան ժամը 11,30-ին ժողովականները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու Սրբազան Հօր։
Յայտնենք որ Centesimus Annus Pro Pontifice վատիկանեան հիմնարկը, ստեղծուած է երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետի օրով յունիս 1993-ին, ունի որպէս նպատակ` կրօնքը եւ բարեգործութիւն եւ բաց է բոլոր աշխարհին։ Անդամներուն թիւը մօտաւորապէս 400 հոգի են, եւ ունի եօթը երկիրներու մէջ կեդրոններ ինչպէս Գերմանիա , Իտալիա, Մալդա, Սլովաքիա, Սպանիա, Միացիալ Նահանգներ եւ Զվիցերիա։
Վեոյիշեալ հիմանրկը կը սատարէ նաեւ ուսումնասիրել եւ տարածել քրիստոնէական վարդապետութիւնը համայն աշխարհին եւ այս առընչութեամբ կը կազմակերպէ կազմաւորումի դասընթացքներ ու կը նպաստէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայութիւնը ապահովցնելու ընկերութեան զանազան խաւերու մէջ ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ դրամահաւաքներ ՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ զանազան առաքելութիւններու ի նպաստ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.