2013-05-22 10:25:59

Հայկական Խաչեր՝ Պուլկարիոյ «Խաչը Եւրոպական Մշակոյթին Մէջ» Ցուցահանդէսին


Սոֆիայի մէջ Մայիս 13-ին բացուած է «Խաչը եւրոպական մշակոյթին մէջ» ցուցահանդէսը: Ցուցադրութիւնը կը հանդիսանայ այն հիմնական մշակութային ձեռնարկը, որ կը կազմակերպուի Պուլկարիոյ մէջ` Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Իռլանտական նախագահութեան ծիրէն ներս: Այս մասին ըսուած է Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանը, ինչպէս եւ Եւրոպական Միութեան բոլոր պետութիւնները, ունի նշանակալից քրիստոնէական աւանդոյթներ, որոնք արձագանգ կը գտնեն Եւրոպայի գեղարուեստական ժառանգութիւնը հանդիսացող խաչերու հարուստ բազմազանութեան մէջ: Այդ նկատառումներէն մեկնելով` ցուցահանդէսին մասնակցած է նաեւ Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, ներկայացնելով Փլովտիւ քաղաքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ թանգարանէն նմուշներ, ինչպէս «Քրիստոսի Խաչելութեան Սուրբ Թագաւորի Բեւեռ»-ի մասունքը պարունակող Խաչը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Առաջնորդարանի մամլոյ դիւանէն:
Ցուցահանդէսին Իռլանտայի խաչերու բնորոշիչ աւանդոյթները կը զուգորդուին Հայաստանի եւ ԵՄ երկիրներու խաչերու հետ` կազմելով գեղարուեստական եւ կրօնական աւանդոյթներու ուշագրաւ ամբողջութիւն մը: Տասներկու պետութիւններու կողմէ ներկայացուած ցուցանմուշներ պարունակող այս ցուցահանդէսը կը վկայէ ինչպէս եւրոպական ժողովուրդներու ընդհանուր արմատներու, այդպէս ալ ընդհանուր եւրոպական տան հարուստ մշակութային բազմազանութեան մասին:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են Սոֆիայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արսէն Սհոյեանը եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Պուլկարահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ հոգեշնորհ Տ. Աբգար վարդապետ Յովակիմեանը:
Ցուցահանդէսը պիտի գործէ Սոֆիայի Ազգային ազգագրական թանգարանին մէջ, մինչեւ Մայիս 27








All the contents on this site are copyrighted ©.