2013-05-22 12:18:16

Զինեալ Ընդհարում Սուրիա-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Էյ. Փի.».- Սուրիական բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ տեղեկացուց, թէ Երեքշաբթի, Մայիս 21ին, իսրայէլեան ռազմական ինքնաշարժ մը մուտք գործած է Կոլանի սուրիական բաժինը, որուն հետեւանքով սուրիական բանակը կրակ բացած է անոր վրայ՝ ծանր վնասներ հասցնելով: Իսրայէլեան բանակը հակադարձած է՝ երկու հրթիռներ արձակելով սուրիական բանակային դիրքին վրայ. անոնք միայն նիւթական վնասներ պատճառած են:
Իսրայէլեան բանակի բանբերը հաստատեց այս լուրը, սակայն շեշտեց, թէ ոչ ոք վիրաւորուած է, իսկ Իսրայէլ սպառնացած է այս յարձակումին դիմաց «լուռ չմնալ»:
Իր կարգին, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարի օգնական Խալաֆ Մֆթահ լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ Սուրիոյ մէջ հաստատուած են Իսրայէլի ուղղուած զէնքեր, «որոնք տակաւին չօգտագործուեցան»:
Քաղաքական գետնի վրայ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ շուրջ առաջարկուած միջազգային խորհրդաժողովին «պէտք է զգուշութեամբ պատրաստուիլ»: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ համաձայնած է այս կէտին շուրջ՝ աւելցնելով, թէ խորհրդաժողովին պէտք է մասնակցին սուրիական ընդդիմութեան բոլոր կողմերը, ներառեալ՝ Սուրիայէն դուրս գործող ընդդիմութիւնը: Ան նաեւ ըսաւ, որ խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութիւնը կարեւոր է՝ նկատի ունենալով, որ անիկա շրջանային զարգացումներուն վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցող երկիր մըն է:
Լաւրով յիշեցուց, որ Յունիս 30, 2012ին գոյացած Ժընեւի համաձայնութիւնը, որ հիմքը կը կազմէ Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովին, սուրիական պետութեան կառոյցներու պահպանումը կ՛ապահովէ փոխանցման հանգրուանին:
Միւս կողմէ, Յորդանան յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը բացակայ պիտի չըլլայ Մայիս 22ին Ամմանի մէջ գումարուելիք «Սուրիոյ բարեկամներ»ու ժողովէն՝ հերքելով այդ մասին տարաձայնութիւնները եւ վստահեցնելով, որ ընդդիմութիւնը «պատշաճ ներկայացուցչութիւն պիտի ունենայ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.