2013-05-22 10:01:04

''Այս Տան Մեղեդին Սէրն Է'' Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Գալգութայի Մայր Թերեզայի Քոյրերու Հոգածութեան Յանձնուած ''Մարիամի Պարեւ Հիւրընկալութեան Տունը'' Այցելելով։


Երեքշաբթի 21 մայիսի յետմիջօրէի ժամը 17,30-ին, ընկերակցութեամբ Քահանայապետկան Տան Կառավարիչ` գերապայծառ Կէորկ Կէնզուէյնի եւ Քահանայապետի յատուկ քարտուղար գերապայծառ Ալֆրէտ Գզուէրէպի, ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն կատարեց Վատիկանի պարիսպներէն ներս գտնուող ''Մարիամի Պարգեւ Հիւրընկալութեան Տան'', անոր հիմնարկութեան 25րդ տարեդարձին առթիւ (21 մայիս 1988)։
Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Կարտինալ Անճէլօ Գոմասդին եւ Գալգութայի Մայր Թերեզայի ''Գթութեան Քոյրերու'' միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւորուհի` Քոյր Բիէրիք Մարի Բրէմա։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Տան հիւրերը եւ հոն աշխատող կամաւորները։
Մեծաւոր մօր բարի գալուստի խօսքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն արտասանեց ճառ մը որուն մէջ նախ ողջունեց ներկաները շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որ նեցուկ կը կանգնին ''Վատիկանեան այս գեղեցիկ կառոյցին'', յատուկօրէն շնորհակալութիւն յայտնեով ''գթութեան քոյրերուն'' ու անոնց գործակիցներուն որ ''25 տարիներէ ի վեր կր գործեն օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց ի սպաս''։
Դուք սիրելի քոյրեր, ձեր գործակիցներուն հետ տեսանելի կը դարձնէք Եկեղեցւոյ Սէրը հանդէպ աղքատներուն- ըսաւ Սրբազան Հայրը ու շարունակեց - ձեր առօրեայ ծառայութեամբ, - սաղմոսերգուին խօսքին նման - կը դառնաք Աստուծոյ ձեռքը որ կը յագեցնէ ամէն կենդանի մարդու անօթութիւնը։
ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց երջանկայիշատակ ՅՊԲ եւ Գալգութայի Մայր Թերեզայի սրբութեան մասին եւ ապա խօսեցաւ ''Տուն'' բարի իմաստի մասին որ վայր մըն է - ըսաւ Ան - ուր ամէն մարդ կը սորվի ընկալել եւ նուիրել Սէր։
Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց ''նուիրում'' բարի վրայ։ Աստուած սիրելը վերացական բան մը չէ այլ խոր իրողութիւն մը` որ կը նշանակէ ամէն անհատի մէջ տեսնել Տիրոջ դիմագիծը ու ծառայել անոր։ Այս Տունը, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Աստուծոյ սիրոյ լուսաւոր թափանցկութիւնն է, Անոր որ գթասիրտ եւ բարի Հայր մըն է բոլորին հանդէպ։ Հարկ է որ ամէնքս վերագտնենք նուիրումի, ձրիութեան եւ զօրակցութեան իսկական իմաստը։
Վայրենի դրամատիրութիւնը, ամէն գնով շահի տրամաբանութիւն կը դաստիարակէ, տալ`ստանալու համար, չարաշահիլ առանց նայելու մարդոց արժանապատութեան.....եւ ահա թէ ինչպէս այս բոլորին հետեւանքները ակնյայտ են մեր ապարծ տագնապին մէջ։ Այս Տունը - հաստատեց Սրբազան Հայրը - Սէր կը դաստիարակէ, կը սորվեցնէ տալ ոչ թէ շահի համար, այլ միայն սիրով։ Այս Տան մեղեդին սէրն է - ընգծեց Ան- եւ այս մէկը շատ գեղեցիկ իրողութիւն մըն է մտնանշելով ''Տան'' ուրիշ մէկ յատկանիշին որ է ''Մարիամի Պարգեւ'' ըլլալը։ Սուրբ Կոյսը իր ամբողջ էութիւնը նուիրեց Աստուծոյ որովհետեւ կը սիրեր Տէրը։ Մարիամ օրինակ ու խթան մըն է բոլոր անոնց որ այս հարկին տակ կ՛ապրին եւ մեզի բոլորիս, որպէսզի ապրինք ''ողորմութիւնը'' հանդէպ ուրիշին, որպէս ընկերային պարտականութիւն մը, մեկնելով Աստուծոյ սէրէն ու Անոր ողորմութենէն։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց նշելով ''Գթութեան քոյրերու'' միաբանութեան պաշտօնական նամակներու վրայ արձանագրուած է Յիսուսի հետեւեալ խօսքը ''Ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն` որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք։'' Ու ճառը աւարտեց ըսելով. ''սիրելի բարեկամներ աղօթքս է որ այս Տունը շարունակէ ըլլալ հիւրընկալութեան, նուիրումի եւ սիրոյ վայր մը, մեր Հռոմ քաղաքի սրտին մէջ. Թող Սուրբ Կոյսը հսկէ ձեր վրայ եւ իմ օրհնութիւնս ձեզի ընկերանայ։
Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մի առ մի ողջունեց ներկաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.