2013-05-21 13:23:41

Սրբազան Քահանայապետի Աղօթքը եւ Թուիթը ''Օքլահոմայի'' Թաթառի Զոհերուն։


Աղօթենք Օքլահոմայի թաթառի զոհերուն եւ մոլորածներուն համար, մասնաւորպէս երախաներուն որոնք թիրախ դարձան ահաւոր այն մրրիկին որ երէկ խուժեց Օքլահոմայի վրայ։ Լուր մեզ Տէր''։
Այս աղօքթով է որ ֆրանչիսկոս Պապը, այսօր 21 մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 7-ին, Տոմուս Սանգդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած ս. Պատարագի ընթացքին ուզեց յիշել Օքլահոմայի բնական աղէտի զոհերը։ Աւելի ուշ քահանայապետական Թուիթթերեան կայքին վրայ հրատարակուեցաւ հետեւեալ թուիթը.
''Մօտիկութիւնս կը յայտնեմ Օքլահոմայի թաթառի զոհերու բոլոր ընտանինքներուն, յատկապէս անոնց որ մանուկներ կորսնցուցին։ Միացէք ինծի իրենց համար աղօթելով։

300 քմ արագութեամբ քամիի փոթորիկ մը հիմնայատակ ըրաւ համայն շրջանը։ Մեռեալներու թիւը հետզհետէ կ՛աճի եւ անյայտ ճակատագիր ունեցողներու թիւը ժամերու ընթացքին յաւելում կ՛արձանագրէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.