2013-05-21 13:55:20

Յիսուսեաններու Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւորը Ընտրուած Է Ընդհանուր Մեծաւորներու Միութեան Նախագահը։


Հայր Ատոլֆօ Նիգոլաս` ընդհանուր մեծաւորը Յիսուսեան միաբանութեան, նոր նախագահն է կրօնաւորական ընդհանուր միաբանութիւններու միութեան։ Ան կը յաջորդէ ֆրանչիսկեան Յոզէ Ռոտրիկէզ Գարպալլոյի։
Գերապայծառ Գարպալլօ վերջերս ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն նշանակուած է որպէս կրօնաւորներու ու առաքելական կեանքի նուիրեալներու ընկերակցութիւններու ժողովին քարտուղար ։
Հայր Ատոլֆօ Նիգոլաս յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր ընտրուեցաւ 19 յունուար 2008-ին, եղած է առաքեալ Ճաբոնի մէջ եւ 29-րդ յաջորդն է Յիսուսեան Միաբանութեան հիմնադիր` սուրբ Ինքնատիոս Լոիոլային։ Նշենք որ Յիսուսեանները ճանչցուած են որպէս ''մտաւորականները Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ'' անոնց առաքելութիւնը մասնաւորապէս կը կայանայ Աւետարանի քարոզչութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.