2013-05-20 09:37:59

Յորդանանի Մէջ 21 Մայիսին Լռելեան Քայլարշաւ Արեւանգուած Եպիսկոպոսներու Ազատագրումի Ի Նպաստ:


Վատիկանի ֆիտէս գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ թէ 21 մայիսին Ամմանի քրիստոնեաները լռեալեան քայլարշաւ մը կազմակերպած են Հալէպի մէջ արեւանգուած Ասորի օրթոտոքս` Կրէկորիոս Եոհաննա Իպրահիմ եւ Յոյն Օրթոտոքս` Պուլոս Ալ Եազիժի եպիսկոպոսներու ազատագրումի ի նպաստ։ Քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը ապահովեցին բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիները։ Քայլարշաւը սկիզբ կ՛առնէ Ամմանի Օրթոտոքս Աթոռանիստ եկեղցիէն եւ անցնելով Լատին Աթոռանիստ կեղեցիէն կը հասնի Ասորի եկեղեցի խորհրդանշելու համար Ամմանի եւ Արաբ աշխարհի քրիստոնեաներու միասնական աղօթքը երկու եպիսկոպոսներու ազատագրումի ի խնդիր - յայտնած է Ամմանի մէջ Երուսաղէմի պատրիարքութեան տեղապահ Արքեպիսկոպոսը Մարուն Լահհամ։
Նշենք թէ մի քանի օր առաջ Երուսաղէմի քրիստոնեայ եկեղեցիներու կրօնապետերը միասնական կոչ մը հրատարակած էին պահանջելով երկու եպիսկոպոսներու ազատ արձակելը։
Կրօնապետերու շարքին նշենք` Երուսաղեմի Հայ Պատրիարքութեան Նորհան Մանուկեան Պատրիարքը եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Էկզարկ գերապայծառ Յովսէփ Քելեքեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.