2013-05-20 09:20:57

Կրօնի Եւ Ազատութեան Արաբական Դիտարանի Կոչը Չշահագործելու Կրօնը Քաղաքական Նպատակներու Համար։


Կրօնի եւ ազատութեան արաբական Դիտարանը` ակատեմական ցանց մը որուն աթոռը Թունիզ կը գտնուի եւ որուն նպատակն է կրօնի միջոցաւ հանրավարութեան հաստատումը, կոչ մը ուղղած է չշահագործելու կրօնը քաղաքական նպատակներու համար։ Թունիզին - կը գրէ Արաբական Դիտարանը - իսլամութեան քարոզչութեան երկիր մը չէ եւ այդ պատճառաւ կը խնդրենք երկիրը ղեկավարող Ալ-Նահտա կուսակցութենէն որ հրաժարի կրօնը քաղաքական իր նպատակներուն ի շահ շահագործելէն եւ աշխատի ուսումնասիրել քաղաքական յայտագիր մը բարւոգելու քաղաքացիներու կեանքի պայմանները։
Արաբական Դիտարանը կը յիշեցնէ որ Թունիզի կը պատկանի արաբ-մահմետական քաղաքակրթութեան մը, որ պատմութեան հոլովոյթին եղած է հանդրժող հանդէպ հրեայ եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն։ Բռնութեան ու նզովքի ճարախօսութիւնները պտուղն են - կը հաստատաէ դիտարանը - Սաուտ Արաբիոյ ուահապիդներու ու կրօնամոլներու լոկ ինքնահնարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.