20 -24 մայիս 2013 Վատիկանի Սիւնհոդոսական Սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական
Համահաւաք դասի 65րդ Լիանիստ ժողովը որուն բացումը կը կատարէ Եպիսկոպոսական Համահաւաք
դասի նխագահ` Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոն։ Լիանիստ ժողովին կեդրոնական նիւթերէն մին
է քրիստոնեայ հասարակութեան մանկավարժներու դերը ու անոնց կազմաւորումը։ Եպիսկոպոսները
ապա պիտի քննարկեն 2015-ին ֆիրենցէի մէջ գումարուելիք Եկեղեցական Խորհրդաժողովի պատրաստողական
գործընթացը։ Յառաջիկայ հինգշաբթի 23 մայիսի երեկոյեան նախատեսուած է եպիսկոպոսներու
ուխտագնացութիւնը Սուրբ Պետրոսի դամբանին ու ապա ''Հաւատոյ Դաւանանքի'' արարողութիւնը
ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ։