2013-05-20 10:21:24

Ասատ. «Պիտի Չհրաժարիմ»


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ արժանթինեան «Քլարին» օրաթերթի եւ «Թելմա» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կ՛ողջունէ սուրիական տագնապին գծով ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը, հակառակ անոր որ ատոր արդիւնքներուն շուրջ կասկածներ ունի:
Ան ըսաւ, որ «մենք ողջունեցինք ռուս-ամերիկեան մերձեցումը եւ կը յուսանք, որ սուրիացիները տագնապէն դուրս գալու օժանդակելու միջազգային հանդիպում մը ըլլայ… սակայն կը կարծենք, որ արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներ Սուրիոյ մէջ լուծում մը չեն ուզեր… ուստի անոնք ռուս-ամերիկեան ժողովին անմիջապէս հակադարձեցին` մերժելով Սուրիոյ պետութեան հետ որեւէ երկխօսութիւն»` աւելցնելով, որ «մենք կ՛աջակցինք եւ կ՛ողջունենք այս ջանքը, սակայն պէտք է իրապաշտ ըլլանք, որովհետեւ գոյութիւն ունին ուժեր, որոնք քաղաքական լուծում մը չեն ուզեր եւ ճնշում կը բանեցնեն որեւէ երկխօսութիւն եւ քաղաքական լուծում ձախողեցնելու համար»:
Ասատ յայտարարեց, որ զինեալ ընդդիմութեան հետ երկխօսութիւնը կը մերժէ` աւելցնելով, որ «ատիկա միակ նախապայմանն է»:
Ան ըսաւ, որ «սուրիացի ժողովուրդը Սուրիոյ ապագային շուրջ պատկերացում մը ունի… բոլոր ուժերը խորհրդաժողովի կու գան… երկխօսութիւն կը կատարեն եւ կ՛որդեգրեն այն, ինչ որ յարմար կը նկատեն` սկսելով սահմանադրութենէն հասնելով նոր օրէնքներու եւ որեւէ միջոցառման, որ առնչուած է քաղաքական վարչակարգին, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ վարչակարգին, ըլլայ այդ խորհրդարանական, նախագահական կամ այլ վարչակարգ մը»:
Ասատ Իսրայէլը ամբաստանեց «ուղղակի կերպով ահաբեկչական կազմակերպութիւններու երկու ձեւով աջակցելով… առաջին ձեւը այդ ուժերուն գումակային օժանդակութեան տրամադրումն է… առնուազն այդ կը տեսնենք մեր աչքերով Կոլանի մէջ սուրիական ճակատին վրայ վիրաւոր ահաբեկիչներուն տրամադրուած օժանդակութենէն… միւս կողմը… անոնց ցուցմունքներ տալն է»:
Ինչ կը վերաբերի իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի եւ Հըզպալլայի իր ուժերուն կողքին կռուելու մասին տեղեկութեանց, Ասատ յայտնեց, որ «մենք մեր փոխարէն Սուրիան պաշտպանելու համար ոչ ոքի պէտք ունինք, ո՛չ Իրանի, ո՛չ ալ Հըզպալլայի… անշուշտ մեր եւ Հըզպալլայի ու Իրանի յարաբերութիւնները շատ հին ու հրապարակային են եւ տասնեակ տարիներէ ի վեր կը շարունակուին… Հըզպալլայէն եւ Իրանէն անհատներ Սուրիա կը գտնուին եւ անոնք տագնապէն տասնեակ տարիներ առաջ Սուրիա կու գան ու կ՛երթան»:
Ասատ պնդեց, որ ինք յառաջիկայ տարի իր նստաշրջանի աւարտէն առաջ պիտի չհրաժարի, որովհետեւ «հրաժարիլ փախուստ տալ կը նշանակէ»: «Չեմ գիտեր, եթէ Քերրի կամ ուրիշ մէկը սուրիացի ժողովուրդէն լիազօրուած է անոր անունով խօսելու, թէ ո՛վ պէտք է հեռանայ եւ ո՛վ` մնայ: Ատիկա պիտի վճռուի սուրիացի ժողովուրդին կողմէ` 2014-ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.