2013-05-19 14:19:11

Պենտեկոստէի Պատարագի Առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Եկեղեցական Աշխարհական Շարժումներուն Կ՛ըսէ ''Սուրբ Հոգիին Յանձնուեցէք''։


Յաղթահարել վախը, հրաժարիլ ապահով ծրագիրներէ բացուելու համար Աստուծոյ հորիզոններուն։ Ոչ ըսել բաժանումներուն եւ Եկեղեցւոյ զուգահեռ ուղեւորութիւններուն։ Այսպէս արտայայտուեցաւ ֆրանչիսկոս Պապը Պենտեկոստէի տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, հոն համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

''Նորութիւն, ներդաշնակութիւն եւ առաքելութիւն'' երեք բարեր որ կ՛արտայայտեն Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւնը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - խորհրդածելով ''Սուրբ Հոգւոյն շնորհքին որ տրուեցաւ Յարուցեալ Քրիստոսէն Իր եկեղեցւոյ'' ու ակնարկելով այն ''շնորհքի արարքին որ Երուսաղէմի վերանտունէն տարածուեցաւ համայն աշխարհ։''
Նորութիւնը - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը - միշտ վախ կը յառաջացնէ որովհետեւ երբ ամէն ինչ մեր հսկողութեան տակ է մենք մեզ աւելի ապահով կը զգանք....յաճախ կը մտահոգուինք Աստուած մեզի համար ընտրած նոր ճանապարհներով առանց հասկնալու թէ Աստուծոյ բերած նորութիւնը մեր կեանքէն ներս իրականալիք նորութիւն մըն է եւ այդ է որ մեզի կու տայ իսկական երջանկութիւն եւ անդորրութիւն որովհետեւ Աստուած մեզ կը սիրէ ու միմիայն մեր բարիքը կ՛ուզէ։

Արդե՞օք բաց ենք Աստուծոյ անակնկալներուն - հարց տուաւ Քահանայապետը - արդե՞օք քաջութիւն ունինք նոր ճանապարհներ փորձելու. Հարցումներ են որ կ՛արժէ կրկնել օրուան ընթացքին։

Հարց տանք նաեւ բա՞ց ենք Սուրբ Հոգւոյն ներդաշնակութեան ու թոյլ կու տա՞նք որ Ան մեզ առաջնորդէ ապրելով Եկեղեցւոյ մէջ եւ Եկեղեցւոյ հետ։
Սուրբ Հոգին մեզ կը մղէ Աստուծոյ խորհուրդին մէջ մտնելու եւ մեզ կը պաշտպանէ գնոստիկ եկեղեցիէ մը եւ իր պարիսպներուն մէջ փակուած` ինքնահաւան եկեղեցիէ մը։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ապա Եկեղեցական եւ աշխարհական շարժումներու, ընկերակցութիւններու եւ խմբակցութիւններու անդամներուն ազդարարեց` չ՛ապրիլ Եկեղեցական վարդապետութենէն եւ եկեղեցական հասարակութենէն դուրս եւ յորդորեց վստահիլ Սուրբ Հոգւոյն ու չդիմել առանձնայատկութիւններու եւ Եկեղեցւոյ զուգհեռ ուղեւորութիւններու որոնք միմիայն բաժանումներ կը ստեղծեն։

''Պենտեկոստէն սկիզբ մըն է որ կը շարունակուի'' յարեց ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակելով. Հարց տանք ''թոյլ կու տա՞նք Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդելու մեր քայլերը առաքելութեան եւ վերյիշենք երեք բարեր ''նորութիւն, ներդաշնակութիւն եւ առաքելութիւն։

Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը նոյն վայրէն արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն մատնանշելով թէ ''նոր Պենտեկոստէ մը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը վերափոխեց բացօդեայ վերնատան մը'' ուր ''վերապրեցանք նորածին եկեղեցւոյ փորձարութիւնը։'' Անա ապա շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն Եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերած իրենց սիրոյն համար բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.