2013-05-18 12:09:31

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Կ'ընդգծէ Քրիստոնէութեան Դերը Եւրոպայի Մշակոյթի Կազմաւորուման Ծիրէն Ներս։


Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը` Կարտինալ Պերթոնէ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Բիդեր Էրտոյի ուղղած պատգամի մը մէջ գրած է թէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հրաւիրէ Եւրոպայի քաղաքացիները ճանչնալու քրիստոնէութեան դերը Եւրոպայի մշակոյթի կազմութեան գծով։
Պատգամը ուղղուած է Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած ''կրօնի ազատութեան'' մասին ուսումնաժողովի մասնակցողներուն։
Ուսումնաժողովը տեղի ունեցաւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան նախաձեռնութեամբ, Կոստանդիանոս կայսեր կրօնքի ազատութեան հրովարտակի (313), 17րդ դարադարձին առթիւ։ Քահանայապետը կը մաղթէ որ եւրոպացիները ճանչնան քրիստոնէութեան դերը ու յարգուի հաւատացեալներու իրաւունքը ազատօրէն ապրելու իրենց մշակոյթը ու հրապարակաւ հռչակելու իրենց հաւատքը







All the contents on this site are copyrighted ©.