2013-05-18 12:03:13

Վատիկանի Մէջ Աղանդներու Մասին Խորհրդաժողով։


Ի՞նչպիսի պատասխան տալ յաչս կրօնական նոր շարժումներու երեւոյթին։

Անցեալ 16 մայիսին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ժողով մը աղանդներու եւ եկեղեցական նոր շարժումներու նիւթին մասին, յայտարարած է միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդը։
Խորհրդաժողովին նպատակն է հովուական պատասխաններ տալ յաչս եկեղեցական նոր շարժումներու եւ աղանդներու մարտահրաւէրներուն։
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Վատիկանի զանազան մարմիններու պատկան շուրջ 40 մասնագէտներ։ Նշենք որ աղանդներու հարցին մասին անմիջական պատասխանատուներն են` միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդը, ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովը եւ եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.