2013-05-18 11:26:17

Սուրիահայ Համայնքը Կը Մնայ Լաւատես


Հայ համայնքը լաւատես է Սուրիոյ ապագային նկատմամբ։ «Սիվիլնեթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, թէ հայ համայնքը պատրաստ է դիմակայելու բոլոր դժուարութիւններն ու վատ զարգացումները:
Խօսելով հայաշատ թաղամասերուն մէջ տիրող իրավիճակին մասին՝ Ռէյիսեան յայտնած է, որ իրավիճակը հիմնականին մէջ կը շարունակէ մնալ նոյնը։
«Քաղաքի տարբեր շրջաններու մէջ զինուորական գործողութիւններ կը կատարուին, սակայն հայաշատ թաղամասերուն մէջ բախումները քիչ են ընդհանրապէս», դիտել տուած է Ռէյիսեան՝ չբացառելով սակայն զինուորական գործողութիւններու տարածման հաւանականութիւնը:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ աշխատանք չունեցող մարդիկ ինչպէս կրնան գոյատեւել առանց եկամուտի՝ Ռէյիսեան յայտնած է, որ ժողովուրդի տնտեսական ընդհանուր վիճակը վատ է, սակայն այն քաղաքացիները, որոնք ընկերային շատ ծանր պայմաններու մէջ կ՛ապրին, կը դիմեն Հալէպահայ օգնութեան մարմինին, որ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կ՛օգնէ անոնց։
Ռէյիսեան համաձայն չէ եղած այն գաղափարին, թէ առաջնորդարանը, եկեղեցին եւ հայ համայնքի ղեկավարութիւնը կը քաջալերեն հայերը՝ Սուրիոյ մէջ մնալու. ան յայտնած է, թէ ոեւէ մէկուն չի պարտադրուիլ մնալ Սուրիոյ մէջ, սակայն բոլորին աջակցութիւն կը ցուցաբերուի կարելիութեան սահմաններուն մէջ։
«Դպրոցներուն մէջ աշակերտներու թիւի նուազում կայ, սակայն ատիկա կարելի է բացատրել միայն արտագաղթով, որովհետեւ տեղի կ՛ունենան նաեւ քաղաքէ քաղաք տեղափոխութիւնները







All the contents on this site are copyrighted ©.