2013-05-18 11:05:59

Իրանի Քրիստոնեաները Փոքրաթիւ Են...


Հանդիպում գաղտիացի եպիսկոպոս Ռամզի Կարմուին հետ։
Թեհերանի գաղտիացի թեմի առաջնորդը Ռամզի Կարմու այցելութիւն կատարած է Զուիցերիա, ու այդ առթիւ ''տառապող եկեղեցի'' մարմնին ներկայացուցած է Իրանի քրիստոնեայ համայնքներու իրավիճակը, որ վերջին երեսուն տարիներուն փոքրաթիւ դարձած են քաղաքական անհաստատ կացութեան հետեւանքով։
Իրանի մահետական հանրապետութեան սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ ոչ-մահմետական երեք փոքրաթիւ հասարակութիւններ. Քրոիստոնեաները , որոնք կը հաշուեն շուրջ 70 հազար հաւատացեալ, ու կը պատկանին զանազան համայնքներու,
Զօրապաշտները, պարստկաստանի ամենահին կրօնքի հետեւորդներ, կը հաշուեն շուրջ 30 հազար հոգի, անոնք ունին ''կրակէ տաճարները''
Իսկ Հրեաները, որոնք կը հաշուեն շուրջ 20 հազար, ունին իրենց սեփական տաճարները։
Հայերը կը ներկայացնեն քրիստոնեայ հասարակութեան մեծագոյն համայնքը` շուրջ 50 հազար առաքելականներ, անոնց պատմական օրրանը եղած է Սպահան քաղաքը։ Հոն հաստատուած են Շահ Աբբասաի կամքով ԺԶ. դարուն, իսկ կաթողիկէները շուրջ 300 հաւատացեալ են։ Ասորի գաղտիացիներու օրրանը եղած է Ուրմիա, որ ասորերէն բարբառով կը նշանակէ ջուրի քաղաք, անոնք հոն հաստատուած են քրիստոնէութեան առաջին դարերուն։ Ներկայիս կը հաշուեն շուրջ 5 հազար հոգի։ Նեստորեանները, որ ներկայիս կը կոչուին ՜՜արեւելքի ասորիներ՝՝ կը հաշուեն շուրջ 7 հազար հոգի, մինչ բողոքական խմբակները` շուրջ 1000 հաւատացեալ են։ Լատինածէս քրիստոնեաները, շուրջ 500 հոգի, ընդհանրապէս օտարներ են։ Ներկայիս քրիստոնեաներուն մեծ մասը Թեհերան կ'ապրի։








All the contents on this site are copyrighted ©.