2013-05-18 11:02:07

«Սուրիոյ Կը Մատակարարենք Հակաօդային Պաշտպանութեան Զէնքեր, Որոնք Շրջանի Հաւասարակշռութեան Որեւէ Խախտում Պիտի Չպատճառեն» Ըսաւ Լաւրով


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ Ռուսիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Լաւրով յայտարարեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ կացութիւնը եւ տագնապի լուծման կարելիութիւնները` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է «Սուրիան միացեալ ու գերիշխանութեան տէր պահել, ինչպէս նաեւ տագնապի լուծման համար բոլոր խմբաւորումներուն մասնակցութեամբ սուրիական ներքին երկխօսութիւն մը պէտք է կատարուի»:
Ան շեշտեց, որ «Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովի մը գումարման առնչութեամբ միջազգային զօրակցութիւն գոյութիւն ունի»` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ լուծման հիմքը պէտք է հիմնուած ըլլայ Ժընեւի խորհրդաժողովի արդիւնքներուն վրայ:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ «սուրիական տագնապին շուրջ միջազգային խորհրդաժողովին պէտք է մասնակցին Սուրիոյ բոլոր դրացիները, որոնց շարքին` Սէուտական Արաբիան եւ Իրանը»` նշելով, որ իր երկիրը «աջակցած է քիմիական զէնքերու օգտագործման դէպքին շուրջ ՄԱԿ-ի կողմէ հետաքննութեան սուրիական կառավարութեան դիմումին»:
Լաւրով հարցումի մը պատասխանելով ընդգծեց, որ «Սուրիոյ կը մատակարարենք հակաօդային պաշտպանութեան զէնքեր, որոնք շրջանին մէջ հաւասարակշռութեան որեւէ խախտում պիտի չպատճառեն»:
Ան նշեց, որ «աշխարհի մէջ խնդիրները չեն նուազիր, սակայն անոնք պէտք է լուծուին ՄԱԿ-ի կեդրոնական դերակատարութեամբ»:
Քի Մուն իր կարգին նշեց, որ Լաւրովի հետ իր հանդիպումը «արդիւնաւէտ էր»: Ան մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու մագլցումին առնչութեամբ` աւելցնելով, որ պէտք է այդ բռնարարքները կասեցնել բանակցութիւններու ճամբով եւ պէտք է փոխադարձ համաձայնեցուած լուծում մը գտնել:
«Սուրիական տագնապը ամբողջ շրջանին վրայ կ՛ազդէ` յատկապէս Լիբանանին եւ Յորդանանին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման Ժընեւի խորհրդաժողովի գումարման կարեւորութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք»:
Քի Մուն ըսաւ, որ «Ռուսիա մեր դիմագրաւած բարդ հարցերուն լուծման համար քաղաքական կամք կը ցուցաբերէ»: Ան նշեց, որ նախարարներու միջեւ հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան Ժընեւի խորհրդաժողովին թուականը ճշդելու համար` աւելցնելով, որ «մեծ ջանքեր կը թափենք թուականի ճշդումին համար»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման հետաքննիչ յանձնախումբի այցելութեան կարելիութիւնը պէտք է ապահովուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.