2013-05-17 13:01:12

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը
Նորին Սրբութիւնը Ընդունեց Քահանայապետական Միսիոնարական Մարմիններու Անդամները։


Ուրբաթ 17 մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Սարտէնյիայի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի անդամ եպիսկոպոսներուն որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Սրբազան Հայրը ապա ժամը 12,30-ին Գլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Քահանայապետական Միսիոնարական Մարմիններու լիանիստ ժողովի մասանկիցները որոնք 13 - 18 մայիս Հռոմի մէջ գումարած են իրենց տարեկան հաւաքը։ Հուսկ յետմիջօրէի ժամը 18-ին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը կարտինալ Մարք Ուելլէն։

Քահանայապետական Միսիոնարական Մարմիններու անդամներուն իր արտասանած ճառին մէջ, ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց աշխատանքին ու իրենց համագործակցութեան Սրբազան Քահանայապետին հետ, ''աւետարանութեան'' ծիրէն ներս։

Հռոմի եպիսկոպոսը կանչուած է ըլլալու հովիւ համայն Եկեղեցիներուն որպէսզի աւետարանը հռչակուի ամենուրէք եւ այս իր պարտականութեան մէջ ''միսիոնարական' ' մարմինները Անոր ձեռքերուն մէջ արտակարգ գործիք մը նկատուած են - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու շարունակեց - Մենք ամէնքս ստացանք Հաւատքի շնորհքը ոչ թէ ծածուկ պահելու համար զայն այլ փոխանցելու ուրիշներուն որպէսզի լուսաւորէ մեր եղբայր ու քոյրերուն ուղեւորութիւնը։ Քահանայապետը ապա ակնարկեց այս առաքելութեան դժուարութիւններուն որ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ կը դառնայ ոգեւորիչ։
Ինչպէս կ՛ըսէր Սուրբ Պօղոս ''Աւետարանը քարոզելը ինծի համար պարծանք մը չէ, այլ պարտականութիւն մը, որ վրաս դրուած է. եւ վայ ինծի եթէ Աւետարանը չքարոզեմ։ (Կորնթ. 9,16)։ Աստուծոյ փրկութիւնը արդարեւ բոլորին համար է։

Սրբազան Քահանայապետը կրկնելով Պօղոս Զ -ի հիսուն տարիներ առաջ արտասանած խօսքերը, հրաւիրեց Միսիոնարական մարմիններու պատասխանատուները նախանձախնդրութեամբ պահպանելու ''միսիոնարական գործունէութեան'' տիեզերական հոգին որ ''պատիւ, պատախանատուութիւն եւ պարտկանութիւնն ունի նեցուկ կանգնելու աւետարանի քարոզչութեան, անհրաժեշտ օժանդակութիւնները ապահովցնելով''։

Մի հոգնիք երբէ՜ք ամէն քրիստոնեայ անհատ կրթելու, մանկութենէն սկսեալ, տիեզերական եւ միսիոնարական հոգիին եւ խրախուսելու համայն հասարակութիւնը օժանդակելու առաքելութիւններուն ամէն մէկուն պահանջին համաձայն։ Ձեր պարտականութիւնն է - ըսաւ Սրբազան Հայրը - վկայել թէ Եկեղեցւոյ կեանքը առաքելութիւն է, տիեզերական առաքելութիւն եւ այս առնչութեամբ ձեզ կը հրաւիրեմ յատկապէս ուշադիր ըլլալու երիտասարդ Եկեղեցիներուն որոնք յաճախ կը գործեն դժուարութիւններուն մէջ, խտրականութեան ու հալածանքի ենթարկուելով ու պէտք ունին քաջալերանքի եւ աջակցութեան` Աւետարանը վկայելու խօսքով ու գործով։

ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ խօսքը եզրափակեց Հայցելով աւետարանութեան Աստղ Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի աշխարհը կարենայ ընդունիլ Բարի Լուրը եւ Քրիստոսի ուրախութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.