2013-05-17 12:42:15

Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի Վրայ Հոգեգալստեան Տօնին Առթիւ Աղօթքի Հսկում ։


Վատիկանի Ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը կը յաղորդէ թէ յառաջիկայ 19 մայիսի նշուելիք Հոգեգալուստի տօնին առթիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 18 մարտի երեկոյեան ժամը 6-ին, պիտի գլխաւորէ աղօթքի հսկում մը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, մասնակցութեամբ` աշխարհականներու ընկերակցութեանց, նոր հասարակութիւններու եւ շարժումներու անդամներուն որոնք Հռոմ կը գտնուին հաւատոյ տարուայ առթիւ նշելու իրենց համար նուիրուած օր մը։
Նորին Սրբութիւնը ապա կիրակի 19 մայիսի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ պիտի գլխաւորէ Պենտէկոստէի Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.