2013-05-17 12:48:18

Պոլսահայերը Կը Պահանջեն Դասագիրքերէն Վերցնել Հակահայ Նիւթերը։


Պոլիս լոյս տեսնող հայերէն «Մարմարա» օրաթերթի համաձայն, Թուրքիոյ մէջ քրտական տագնապը կարգաւորելու գործընթացին աջակցելու համար, կառավարութեան կողմէ կազմուած «իմաստուն մարդոց» խմբակներէն մէկուն անդամները, 12 Մայիսին, Ֆերիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցան փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Սրահին մէջ հաւաքուած էին հայ« յոյն« հրեայ« ասորի փոքրամասնութիւններէն կարեւոր դէմքեր« մամլոյ աշխատակիցներ եւ հեռատեսիլի կայաններու թղթակիցներ։
Հանդիպման ելոյթ ունեցողներէն մէկն էր Կետիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի նախագահ Յարութիւն Շանլըն։ Ան շեշտեց, թէ հայ համայնքը ունի հինգ հազար աշակերտներ, որոնք ապագային համալսարան պիտի յաճախեն: Ան յայտնեց նաեւ, որ տակաւին Թուրքիոյ պատմութեան դասագիրքերուն մէջ հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ հրեաներու դէմ թշնամական արտայայտութիւններ կան, եւ շեշտեց, թէ անհրաժեշտութիւն է, որ նման նիւթեր անյապաղ վերցուին դասագիրքերէն. չեմ ուզեր նայիլ անցեալին« այլ ապագան է, որ կը հետաքրքրէ զիս։ Կ՛ուզեմ, որ մեր նոր սերունդը աւելի հանգիստ ապագայ մը ունենայ իրեն առջեւ։ Մենք արդէն այս երկիրի զաւակներն ենք։ Մենք« որ փոքրամասնութիւն կը կոչուինք« հաւասարութիւն« հաշտութիւն ու բարեկամութիւն կ՛ուզենք»« եզրակացուց Յարութիւն Շանլը։
Հանդիպման աւարտին« եկեղեցւոյ Տիկնանցի կազմին կողմէ կազմակերպուած էր ճոխ հիւրասիրութիւն ու մասնակիցներ առիթն ունեցան անջատաբար մէկտեղուելու «իմաստուն մարդոց» հետ եւ հարցումներ ուղղելու անոնց։








All the contents on this site are copyrighted ©.