2013-05-17 12:51:36

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Արաբական Ծոցի Շրջանի ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ Խորհուրդին։


Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամμ կարեւոր հանդիպում
մը: Կը մասնակցէին Ապու Տապիի, Տուպայի, Քաթարի, Շարժայի, Քուէյթի,
Պահրէյնի եւ այլ շրջաններու մէջ հաստատուած քրիստոնեայ համայնքներու
ներկայացուցիչները: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
ժողովին մասնակցեցաւ Քաթարի եւ Էմիրութեանց շրջանի Կաթողիկոսական
Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Հանդիպումին նպատակն էր
միջ-եկեղեցական գործակցութեան խորհուրդ մը յառաջացնել շրջանէն ներս:
Յիշեալ հանդիպումէն օր մը առաջ, Արամ Ա. Կաթողիկոսին,
որպէս նախագաներէն մէկը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին,
այցելեց նոյն Խորհուրդի ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Միշէլ Ճալըխ: Ան եկած էր
Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալու իր ներկայութեամμ Ապու
Տապիի մէջ տեղի ունենալիք միջ-եկեղեցական հանդիպումին գծով: Վեհափառ
Հայրապետը շնորհաւորեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը, շեշտելով միջ-
եկեղեցական գործակցութիւնը ամրապնդելու ու անոր շօշափելի
արտայայտութիւն տալու հրամայականը: Միաժամանակ Վեհափառ
Հայրապետը թելադրեց ընդհ. Քարտուղարին զգուշացնելու շրջանի
եկեղեցական ներկայացուցիչները հետեւեալ երեւոյթներէն.- 1) Անհրաժեշտ է
պահել Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին միութիւնն ու
ամμողջութիւնը, որպէս Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութիւնը
ու ձայնը արտայայտող միակ կառոյց: 2) Ծոցի շրջանէն ներս յառաջանալիք
խորհուրդը պէտք չէ վերածուի ինքնանկախ միաւորի իր առանձին
ծրագիրներով ու գործունէութեամμ. ան պէտք է դառնայ համարատու Միջին
Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին: 3) Նկատի ունենալով շրջանէն ներս
տիրող զգայնութիւնը, քաղաքական թէ կրօնական իմաստով, յիշեալ
խորհուրդը պէտք է զգոյշ ըլլայ իր գործունէութեան մէջ:
Յայտնենք, որ շուրջ տարի մը առաջ Ապու Տապիի միջ-եկեղեցական
հաւաքին մասնակիցները այցելցած էին Անթիլիասի Մայրավանքը ունենալու
համար Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը իրենց նախաձեռնութեան
նկատմամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.