2013-05-17 12:53:20

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Արցախի Մէջ Կը Հիմնէ Նոր Կիլիկիա Գիւղը


Ստեփանակերտ- Մարտակերտի շրջանին մէջ 12 Մայիսին տեղի ունեցաւ Նոր Կիլիկիա գիւղի առաջին տասը բնակելի առանձնատուներու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Գիւղը կառուցուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան միացեալ ուժերով: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան, Թեհրանի եւ Հիւսիսային Իրանի հոգեւոր թեմի առաջնորդը՝ Սեպուհ արք. Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ՝ Արա Յարութիւնեան, Մարտակերտի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Խաչատրեան, պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ եւ բարերարներ:
Շնորհաւորութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքին մէջ, վարչապետ Արա Յարութիւնեան նշեց, որ Նոր Կիլիկիա գիւղի հիմնադրութեան նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որուն սիրով արձագանգած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը: Սեպուհ արք. Սարգսեան շնորհաւորելով նորաբնակները՝ նշեց, որ Ղարաբաղը վերանկախացաւ առաջին հերթին մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքով, ամուր վճռականութեամբ ու արեան վկայութեամբ: Առաջին հանգրուանին կառուցուած 10 երկսենեակնոց առանձնատուներէն երկուքը այդ օրը հանդիսաւոր կերպով յանձնուեցան արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, իսկ միւս ութը հատը՝ վերաբնակիչ երիտասարդ ընտանիքներու:
Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այս նախաձեռնութենէն պիտի օգտուին աւելի մեծ թիւով ընտանիքներ, քանի որ մօտիկ ապագային պիտի կառուցուին եւս 24 առանձնատուներ: Ըստ նախագիծի, պիտի կատարուի նաեւ տարածքի բարեկարգում, փողոցներու լուսաւորութիւն, մայթերու կառուցում: Նոր Կիլիկիոյ մէջ կը նախատեսուի կառուցել նաեւ 50 հոգինոց մանկապարտէզ, համայնքային կեդրոն եւ եկեղեցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.