2013-05-17 12:42:57

Մարոնիներու Պատրիարքը Կը Պահանջէ Զէնք Չյանձնել Ահաբեկիչներուն։


Մարոնիներու պատրիարքը` կարտինալ Պշարա Ռայի, կոչ ուղղած է բոլոր այն երկիրներուն որոնք զէնքով կամ դրամով օգնութեան կը հասնին ընդդիմադիր խումբերուն որ վերջ դնեն զէնքի բաշխումին ու պարտադրեն բոլոր կողմերը կլոր սեղան նստիլ լուծում գտնելու համար Սուրիոյ տագնապին։
Հարկաւոր է որ վերջ դրուի սպաննութիւններուն եւ Սուրիոյ անկայունութեան - դիտել տուած է Պատրիարքը - ու ապա ընդգծած է որ Սուրիոյ տագնապը յառաջ եկաւ խռովարար խումբերէ, որոնք քաղաքական վերանորոգում ու հանրավարութիւն չեն փնտռեր այլ կը սպառնան Սուրիան քանդել։ Ընդդիմադիրները կը շահագործեն մահմետականութիւնը որպէս միջոց քայքայելու սուրիական ընկերութիւնը եւ հրահրելով կրօնական ընդհարումը կը ստիպեն քրիստոնեաներու հեռացումը երկրէն, ինչպէս պատահեցաւ երկու միլիոն քրիստոնեայ իրագցիներուն։
Հուսկ Պատրիարքը դատապարտեց երկու եպիսկոպոսներու ու երկու քահանաներու արեւանգումը եւ Շէյխ Ալ Պուտիի սպաննութիւնը մզկիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.