2013-05-16 14:02:01

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ս. Պատարագը Վատիկանի Սանթա Մարթայի Տան Մատրան Մէջ։


Պատարագին ներկայ էին Ռատիովատիկանի պաշտօնեաները, որոնց շարքին Հայկական Հաղորդումներու անձնակազմը...
Հինգշաբթի 16 Մայիսի առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ մատոյց, Վատիկանի Սանթա Մարթայի Տան Մատրան Մէջ. ներկայ էին Ռատիովատիկանի պաշտօնեաները, որոնց շարքին նաեւ՝ հայկական բաժնի անձնակազմը՝ Ռոպէր Աթթարեան, Սօնիա Նիւրփէթլեան եւ Վազգէն Աբարդեան։ Ս. Գրային ընթերցումներէն ետք Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզին մէջ, անդրադարձաւ Ս. Պօղոսի առաքելութեան, վկայելու Քրիստոսը, անոր սէրը ու փրկագործութիւնը։
Սրբազան Հայրը ըսաւ որ Ս. Պօղոս հաճելի չէր շատերուն, որովհետեւ իր գործունէութեամբ կը հռչակէր Յիսուս Քրիստոսը։
Յիսուս- աւելցուց Նորին Սրբութիւնը- շատ անգամներ կը խանգարէ մեր հանգիստը։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ապա ակնարկեց թէ ՜՜եկեղեցին՝՝ պէտք ունի առաքելական նուիրուածութեան, որ հաւատացեալները յառաջ կը մղէ Յիսուսը քարոզելու։ Եւ այս առաքելական եռանդը (նուիրուածութիւնը) իշխանութեան հասնելու կամ այլ եւ այլ ձեռքբերումներու համար չէ եղած, այլ՝ ներքին մէկ իրողութիւն մըն է որ կը բխի Յիսուսի Քրիստոսի ճանաչումէն. ինչպէս Ս. Պօղոսի ՜՜ Յիսուսը ճանչնալը՝՝ մտաւորական կամ գիտական ՜՜ճանաչողութիւն՝՝ մը չէ այլ սրտի եւ անձնական հանդիպումի արդիւնք է։
Ս. Հոգին է որ մեզի կը պարգեւէ ՜՜շնորհքը՝՝ ճանչնալու Յիսուս Քրիստոսը, հայցենք Ս. Հոգիէն ՜՜ շնորհքը՝՝ ունենալու առաքելական եռանդ եւ ՜՜եթէ Ս Հոգիի շնորհքով հաճելի չենք ուրիշներուն, թող օրհնեալ ըլլայ Տէրը՝՝։ Ինչպէս որ Տէրը ըսած էր Ս. Պօղոսին ՜՜ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ՝՝։
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։ Ներկաները մէկ առ մէկ տեսակցեցան Սրբազան Հօր հետ, եւ խնդրեցին իրմէ որ ՜՜ իր յատուկ աղօթքներուն մէջ յիշէ զիրենք՝՝ ֆրանչիսկոս քահանայապետը ողջունեց եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ բոլորին...։








All the contents on this site are copyrighted ©.