2013-05-16 13:59:30

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի 16 մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 7-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ մատոյց Սանդա Մարդայի Տան մատրան մէջ որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Ռատիովատիկանի մի քանի աշխատակիցներ, ի մէջ այլոց Հայկական մասնաճիւղի խմբագրական կազմը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 11-ին Գլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Գիրկիսդանի, Անդիկուա եւ Պարպուտա ու Լուսսէմպուրկի եւ Պոդսուանայի նոր անուանուած դեսպաններուն, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։ Սրբազան Հայրը հուսկ ժամը 11,30-ին ընդունեց Իտալիոյ Բուլիա Նահանգի եպիսկոպոսները որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Նոր անուանուած դեսպաններուն արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ մարդկութեան ապրած պատմական անկիւնադարձին եւ մարդկութեան արձանագրած մեծ յառաջացումներու մասին, ըլլայ բժշկական, ըլլայ դաստիարակչական ըլլայ հղորդակցութեան միջոցներու մարզէն ներս։ Ասով հանդերձ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - մեր ժամանակաշրջանի մէջ ապրող շատ մը այրեր եւ կիներ կ՛ապրին առօրեայի անկայուն վիճակ մը, վտանգաւոր եւ մահացու հետեւանքներով։ Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը անդրադրաձաւ համաշխարհային տնտեսական տագնապին ու անոր ազդեցութեան հասարակաց կեանքի վրայ ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ տիրող նիւթական անհաւասարակշռութեան եւ զօրակցութեան կարեւորութեան ։ ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեց Աստուած մերժող բարոյականութեան ու մաղթանք յայտնեց որ ֆինանսական բարեփոխումներ կատարուին հիմնուած բարոյականութեան վրա։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց ըսելով ''Սրբազան Քահանայապետը բոլորը կը սիրէ։ ըլլայ հարուստները ըլլայ աղքատները եւ Ան (Քահանայապետը) Յիսուսի անունով պարտականութիւնը ունի հարուստներուն յիշեցնելու թէ պէտք են օգնել եւ յարգել աղքատները ու ապա ներկաներուն յայտնեց Սուրբ Աթոռի համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը ու բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.