2013-05-16 14:03:16

Յորդանանի Տեղեկատուութեան Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Ամմանի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը Թել Աւիւ Մեկնեցաւ»


Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարար Մոհամետ Մումնի յայտարարեց, որ Ամմանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տանիել Նիվօ Յորդանանէն պաշտօնապէս մեկնելով Թել Աւիւ ուղղուած է:
Ան նշեց, որ «երբ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար, ներքին գործոց նախարար Հիւսէյն Մաժալի անցեալ հինգշաբթի օր Իսրայէլի դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեց, անոր խիստ ոճով խօսեցաւ բնակեցուած հրեայ ծայրայեղականներու Աքսայի մզկիթի շրջափակ ներխուժման, նամազ կատարողներուն դէմ յարձակում կատարելնուն, անոնց Աքսայի շրջափակ մուտք գործել արգիլելու, իսրայէլեան ուժերու Երուսաղէմի շէյխ Մոհամետ Հիւսէյնը արգելափակելու հարցով»:








All the contents on this site are copyrighted ©.