2013-05-16 14:03:36

Հայաստանի Մէջ Մանկական Նոր Հիւանդանոցի Մը Կառուցումը։


Երեւան- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Դումանեան ընդունած է Հռոմի ՜՜Թոր Վերկատա՝՝ բժշկական համալսարանի նախագահ Ռենատօ Լաուրոյի ղեկավարած պատուիրակութիւնը, որ Հայաստան կը գտնուի բարեսիրական առաքելութեամբ (կը հաղորդագրէ Արմէնփրէս լրատու գործակալութիւնը։ Ողջունելով հիւրերը՝ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարը՝ Դերենիկ Դումանեան կարեւոր նկատած է նման հեղինակաւոր հաստատութեան ներկայացուցիչներուն Հայաստան տուած այցելութիւնը, եւ անոնց առաքելութեան կարեւորութիւնը, որ է մանկական հիւանդանոց ստեղծելու ծրագիրը։ Իր կարգին ՜՜Թոր Վերկատա՝՝ բժշկական համալսարանի նախագահը՝ Ռենատօ Լաուրօ յայտնած է, որ իրենց այս ծրագիրը ծնունդ առած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան Ռուբէն Կարապետեանի հետ կայացած շարք մը հանդիպումներու ընթացքին կատարուած խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ: Աւելի՛ն, այս ծրագիրի առնչութեամբ եռակողմ համաձայնագիր կնքած են ՜՜Թոր Վերկատա՝՝ համալսարանի նախագահը, ՜՜Դադիվանք՝՝ հիմնադրամի նախագահ Ռուբէն Կարապետեանը եւ ՜՜Անաստասիս՝՝ ընկերակցութեան նախագահ Ռիքարտօ Աքուիլան: Անդրադառնալով այն երեւոյթին, թէ ինչո՛ւ որոշուած է նման հիւանդանոց մը կառուցել Հայաստանի մէջ՝ Լաուրօ նշած է, որ նկատի առնուած է երկու երկիրներու երկարամեայ բարեկամութիւնը, Հայաստանի ՜՜ քրիստոնէութեան օրրան՝՝ ըլլալը, ինչպէս նաեւ այն, որ հայերը շատ բան տուած են Եւրոպային ու մասնաւորապէս Իտալիոյ: ՜՜Այսօր -ըսած է ան- Հռոմի մէջ աշխատող հազարէ աւելի բժիշկներէն շատեր յաջողած են իրենց ասպարէզին մէջ, նաեւ ոմանք արդէն ճանչուած մասնագէտներ են՝՝:
Պատուիրակութեան անդամները ընդգծած են, որ Հայաստանի մէջ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին եւս շեշտը կը դրուի արհեստավարժութեան եւ բարձր կարողութիւններուն վրայ: Անոնք Դերենիկ Դումանեանին յայտնած են, որ Երեւանի մէջ մանկական հիւանդանոցի կառուցման վայրը յստակեցնելէ քանի մը ամիս ետք արդէն իսկ ձեռնամուխ պիտի ըլլան միջոցներու հայթայթման: Հիւրերը նախարարին վստահեցուցած են, որ այս ծրագիրը համագործակցութեան նոր հեռանկարներ պիտի բանայ եւ բազմաբնոյթ այլ ծրագիրներու սկիզբ պիտի ըլլայ։
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է իտալացի գործընկերներուն՝ Հայաստանին համար բաւական օգտակար ծրագիրն ու հետագայ նախագիծերը մանրամասնօրէն ներկայացնելնուն համար: Ան հիւրերուն ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ կառավարութեան կողմէ առողջապահութեան ոլորտին մէջ իրականացուող ծրագիրները, որոնց կարգին՝ մարզերուն մէջ ժամանակակից հիւանդանոցներ կառուցելու շարունակականութեան, ուռուցքաբանութեան զարգացման, համակարգի առաջնակարգ բաժանմունքները կրթական նպատակներով որպէս բժշկական համալսարանական կեդրոններ տրամադրելու վերաբերեալ:
Իտալական պատուիրակութիւնը՝ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով ոսկրածուծի փոխպատուաստման հեռանկարին նկատմամբ, պատրաստակամութիւն յայտնած է յառաջիկային համագործակցիլ այդ, ինչպէս նաեւ դեղագործութեան ոլորտին մէջ: «Հիւանդանոցը, որ պիտի կառուցուի մեր կողմէ, պէտք չէ մրցի ձեր միւս բժշկական կեդրոններուն հետ: Սակայն մենք այդ կեդրոնին նկատմամբ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերենք, եւ ժամանակի ընթացքին անիկա իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ մանկաբուժութեան յառաջընթացին վրայ: Պարոն Բաբլոյեանի հետ մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին գիտակցեցանք, որ այս երկրին մէջ հիմք կայ այդ մէկը ընելու», յայտնած է Լաուրօն:
Նախարար Դումանեանը հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է Իտալիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ նման աջակցութեան համար: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի առողջապահութեան, մայրութեան եւ մանկութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.