2013-05-15 11:44:09

Քահանայապետական Միսիոնարական Մարմիններու Լիանիստ Ժողովը


13 - 18 մայիս Հռոմի Սալեզեաններու միաբանութեան Հոգեւոր Կրթութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի կ՛ունենայ Քահանայապետական Միսիոնարական Մարմիններու Լիանիստ Ժողովը որուն բացումը կատարեց Կարտինալ ֆերնանտօ ֆիլոնին` ժողովուրդներու աւետարանացումի Ժողովի կառավարիչը։
Վերոյիշեալ լիանիստ ժողովին կը մասնակցին Քահանայապետական Միսիոնարական Մարմիններու ազգային տնօրէնները որոնք նիստերու ընթացքին կը ներկայացնեն իրենց տարեկան ''տեղեկագիրը''։
Ուրբաթ 17 մայիսին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ բոլոր ժողովականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.