2013-05-15 08:10:05

Ձեռարուեստի Ուսանողական Ցուցահանդէս


Թաւրիզահայ ուսուցչուհին աշակերտներու ձեռարուեստի վաճառքէն գոյացած գուամրը կը յատկացնէ ՜՜Քաղցկեղէ Տառապող Մանուկներուն՝՝։


Երկուշաբթի 13 Մայիսին, Թաւրիզի Կերպարուեստի Պետական Հիմնարկութեան մէջ բացումը կատարուեցաւ ձեռարուեստի ուսանողական ցուցահանդէսին, ներկայութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի:
Թեմակալ Առաջնորդը ընդունուեցաւ Հիմնարկի տնօրէնութեան կողմէ, (տնօրէն՝ Րեզա Ալաուիի եւ փոխ-տնօրէն Տաւուտ Հուշենկ Ռօշէնքի կողմէ):
Ապա, ան առաջնորդուեցաւ դէպի ցուցասրահ, կերպարուեստի ու ձեռարուեստի նմոյշները դիտելու: Աշակերտներու կողմէ պատրաստուած էին արձանիկներ տարբեր խորհրդապատկերներով, ինչպէս նաեւ այլ հարթաքանդակներ, գծանկարներ, խաղալիքներ ու այլ արուեստի գործեր՝ տարբեր մշակոյթներու պատկանող:
Հիմնարկի ուսուցչուհիներէն՝ Թաւրիզահայ համայնքէն Օրդ. Անայիս Խալաֆեանի աշխատանքը գնահատելով, Թեմակալ Առաջնորդը գովեց հիմնարկին ու աշակերտներուն միասնական որոշումը՝ իրենց ձեռարուեստի վաճառքէն գոյացած հասոյթը քաղցկեղէ տառապող երեխաներու բուժման յատկացնելու:
Սկսնակ աշակերտներու կողմէ պատրաստուած ձեռարուեստի ցուցահանդէս ըլլալով հանդերձ, ցուցադրուած նմոյշները շատ աւելի արհեստավարժ նկարիչներու արուեստի գործերուն կը նմանէին: Ան իր գնահատական խօսքը ուղղեց նաեւ ուսուցչուհիին՝ Անայիս Խալաֆեանի, յատկապէս քաղցկեղէ տառապող երեխաներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու հաւաքական ճիգը օրինակելի գտնելով, իբրեւ խղճի ու կրօնական զգացումի աճեցման համար գործնական դաստիարակութիւն ջամբող ուսանելի միջոց:
Ապա, Հիմնարկութեան տնօրէնութիւնը հիւրասիրութեամբ պատուեց Առաջնորդին, որու ընթացքին արծարծուեցան հայ համայնքին հետ գործակցութեան հեռանկարները։








All the contents on this site are copyrighted ©.