2013-05-14 10:46:35

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Առաջին Անգամուան Համար Խորաններու Պատւոյն Բարձրացուց Օսմանեան Գերիշխանութեան Կողմէ Գլխատուած Իտալացի 800 Մարտիրոսներ։


Կիրակի 12 մայիս հանդիսաւոր պատարագի մը ընթացքին, մատուցուած ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը առաջին անգամուան համար խորաններու պատւոյն բարձրացուց երկու լատին ամերիկացի կրօնաւորուհիներ եւ իտալացի 800 մարտիրոսներ, գլխատուած 1480-ին օսմանեան գերիշխանութեան կողմէ, որովհետեւ արիութեամբ մերժեցին իրենց հաւատքը ուռանալ։
Իր արտասանած քարոզին ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը հարց տուաւ ''նահատակները ու՞րկէ քաջութիւնը ունեցան հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ։ '' Հաւատքին մէջ, հաստատեց Քահանայապետը։
Խնդրենք Տիրոջմէն որ օգնութեան հասնի հարստահարուած բոլոր այն քրիստոնեաներուն, որոնք կը գտնուին աշխարհի չորս ծագերուն մէջ որպէսզի կարողանան հաստատտ մնալ իրենց հաւատքին մէջ ու չարին բարիքով պատասխանեն։
Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ս. Պետրոսի Աթոռին վրայ բարձարանելէ ասդին յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի ժամանակակից նահատկներուն։ Անցեալ 15 ապրիլին հաստատած էր որ այսօրուան Եկեղեցին աւելի մարտիրոսներ տուած է քան քրիստոնէութեան արշալոյսի ժամանակ։ Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալներէն խնդրեց որ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ` խօսքով եւ գործոք, վկայութիւն տան իրենց հաւատքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.