2013-05-14 10:06:51

Ֆաթիմայի Տիրամօր Տօնին Առթիւ Ս. Պատարագ Զահլէի Մէջ։


Լիբանան- Կիրակի 12 Մայիսի երեկոյեան (ժամը 5-ին) Տիրամայր Ֆաթիմայի
տօնին առիթով, Զահլէի «Տիրամայր Ֆաթիմայի» հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ
Ձայնաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան
Ընդհանուր Փոխանորդը գերյարգելի Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, սպասարկութեամբ Ս.
Միքայէլ և Երանելի Մալոյեան դպրեվանքերու ժառանգաւորներուն, մասնակցութեամբ՝
վարչական և թեմական Հայրերու և ի ներկայութեան՝ համայնքի զաւակներու հոծ
բազմութեան: Տեղւոյն ժողովրդապետը՝ Տ. Ալիշան Քհն. Աբարդեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց, ապա եկեղեցւոյ երգչախումբը ներկայացուց Աստուածածնայ նուիրուած փունջ մը երգեր, որմէ ետք գերապայծառ Մուրատեան մատոյց Ս. Պատարագը, առընթերակայութեամբ՝ Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեանի և Տ. Ալիշան Քհն. Աբարդեանի:
Այս առթիւ պատարագիչ գերապայծառը օրուայ իր քարոզը ուղղելէ ետք՝ ՜՜վարդարաններ՝՝ օրհնեց, որոնք բաժնուեցան ներկաներուն, որպէսզի անոնք միշտ աղօթեն, ինչպէս որ թելադրած էր Ֆաթիմայի Տիրամայրը:
Յաւարտ Ս. Պատարագին՝ Աստուածածնայ արձանով թափօրը վարդարան աղօթելով՝ շրջան
կատարեց քաղաքին մէջ:
Այս օրհնաբեր օրուան յայտագրին յաջորդեց հիւրասիրութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.