2013-05-14 12:48:13

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Երեքշաբթի 14 մայիս 2013։ Այսօր առաւօտեան ժամը 11,30-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի` ՅՊԲ անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը որուն ընթացքին Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին, Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի Նախագահը, Փրօֆ Անթոնիօ Պալտուչչի Վատիկանի Թանգարաններու Տնօրէնը եւ Փրօֆ Բաոլա Պարադդա Վենետիկի ''Պիէննալի'' նախագահը ներկայացուցին Սուրբ Աթոռի մասնակցութիւնն ու ''Բատիլիոնը'' արուեստի նուիրուած 55րդ Վենետիկի Պիէննալին որուն բացումը կը կատարուի յունիս մէկին եւ կը տեւէ մինչեւ նոյեմբեր 24-ը։



Իսկ վաղը չորեքշաբթի 15 մայիսի ժամը 12,30ին, միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին կը ներկայացուի ''Հաւատոյ Տարուայ'' Առթիւ կազմակերպուած '' աշխարհականներու ընկերակցութեանց, նոր հասարակութիւններու եւ շարժումնրու օրը''։ Ելոյթ կ՛ունենան Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Սալվաթորէ ֆիզիքելլա, վերոյիշեալ խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Խոսէ Օգդավիա Ռուից Արէնաս եւ երթաքարտուղար` գերապայծառ Կրահամ Պէլ։
Յայտնենք որ ''աշխարհականներու ընկերակցութեանց, նոր հասարակութիւններու եւ շարժումնրու որը'' պիտի նշուի յառաջիկայ 18 եւ 19 մայիս 2013-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.