2013-05-14 08:20:52

Լուքաշենքօ Հայաստանի Մէջ. «Հայ – Պիելոռուսական Յարաբերութիւններու Ապագան Պէտք Է Ներդաշնակ Ըլլայ Երկիրներու Պատմական Անցեալին» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանեց Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ: Երէկ տեղի ունեցաւ Պիելոռուսիոյ նախագահին դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցան երկու երկիրներու նախագահներուն դռնփակ հանդիպումները եւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները: Հայաստան եւ Պիելոռուսիա կը շարունակեն համագործակցիլ շարք մը մարզերու մէջ եւ խորացնել առկայ յարաբերութիւնները: Այդ նպատակով կ՛ամրապնդուի երկու պետութիւններուն իրաւապայմանագրային ենթահողը. Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հանդիպման շրջագիծին մէջ երէկ Երեւանի մէջ համագործակցութեան զարգացման ու խորացման ուղղուած փաստաթուղթեր ստորագրուեցան: Հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ երկիրներու նախագահները զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ յայտարարութիւններ կատարեցին:
Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հանդիպումները պարբերական բնոյթ կը կրեն եւ անոնք կարելիութիւն կու տան աշխատանքային օրակարգով քննարկելու հայ-պիելոռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող ընթացիկ հարցեր: Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ բարձր մակարդակի երկկողմանի այցելութիւնները կը մնան յարաբերութիւններու զարգացման գլխաւոր նախապայման եւ Լուքաշենքօ Հայաստանի մէջ միշտ սպասուած հիւր է:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ մէկ ամիսէն պիտի նշուի երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակը: «Մեր յարաբերութիւններու ապագան պէտք է ներդաշնակ ըլլայ մեր պատմական անցեալին: Մենք ուս-ուսի պայքարած ենք Հայրենական պատերազմի ընթացքին», նշեց նախագահ Սարգսեան` աւելցնելով, որ պէտք է պահպանել եւ բազմապատկել պատմական ժառանգութիւն ստացած յարաբերութիւնները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ տեղեկացուց, որ Պիելոռուսիոյ նախագահին հետ քննարկեց շարք մը մարզերու վերաբերող հարցեր, որոնք կ՛առնչուէին մարդասիրական կապերուն, տնտեսութեան եւ մշակոյթին: Յատուկ ուշադրութիւն յատկացուեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութեան: Նախագահ Սարգսեան ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային հոլովոյթը եւ շեշտեց, որ Ղարաբաղի ժողովուրդը խաղաղութիւն կ՛ուզէ, ինչպէս նաեւ ազատ ձեւով զարգանալ իր պատմական հողին վրայ: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանք գոյութիւն չունի:
Պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ Պիելոռուսիոյ նախագահը այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ի պատիւ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան` նախագահ Սարգսեանի անունով երէկ երեկոյեան տրուեցաւ պաշտօնական ընթրիք: Այսօր Լուքաշենքօ պիտի այցելէ հայկական հիւլէական ելեկտրոկայան, պիտի մասնակցի նաեւ Երեւանի մէջ հայ-պիելոռուսական առեւտուրի տան բացման արարողութեան: Նոյն օրը Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ նախագահները ներկայ պիտի գտնուին Կոտայքի թեմի Աբովեան քաղաքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.