2013-05-14 10:43:02

«Նարեկի Տիրամօր» Կեդրոնի. Ակնաբուժական Հետազօտութեան Բաժանմունքի Բացման Հանդիսութիւն


Հովանաւորութեամբ՝ Կաթողիկէ հայոց Պէյրութի թեմի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ՝ գերյարգելի Հ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանին, շաբաթ, 11 մայիսի կէսօրին, «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային բժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ակնաբուժական հետազօտութեան բաժանմունքի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ այլ անձնաւորութիւններու:
Հանդիսութեան խօսք առաւ կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ նշեց, թէ նորաստեղծ ակնաբուժական բաժանմունքը յաւելեալ թափ ու կորով պիտի տայ կեդրոնի գործունէութեան` ընդարձակելով աշխատանքի դաշտը: Ան ըսաւ, որ «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնը այլ կեդրոններու հետ գործակցելով կը փորձէ հասնիլ հայութեան կարիքներուն: Եափուճեան աւելցուց, որ այսօր սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն լուծումները եւս մաս կը կազմեն ընկերային եւ բժշկական կեդրոններու ծառայութիւններուն: Տոքթ. Կոստան Եափուճեան նշեց, որ բաժանմունքը ստեղծուած է շնորհիւ «Էօվր տ՛Օրիան»-ի եւ «Քոնֆերանս Էփիսքոփալ Իթալիեն»-ի ջանքերուն եւ օժանդակութեան:
Ան նաեւ՝ յայտնեց, որ կարիքները շատ են եւ միջոցները սահմանափակ, եւ այս ամբողջ իրադրութեան մէջ կեդրոնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ իրականացնելու իր առաքելութիւնը:
Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան, որ նշեց, թէ այսօրուան պայմաններուն մէջ հայութիւնը առաւելագոյն չափով կարիքը ունի մեր օժանդակութեան, եւ «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը: Գերյարգելին շեշտեց, որ հայութիւնը հաւաքական մօտեցումով պէտք է յաղթահարէ դժուարութիւնները:
Բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին յաջորդեց նորաստեղծ կեդրոնի ծանօթացումը եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.