2013-05-13 11:32:08

ֆաթիմայի Տիրամօր Տօնը


Երկուշաբթի 13 Մայիս 2013, (այսօր) տօնն է ֆաթիմայի Տիրամօր
ֆաթիմայի մէջ, (Փորթուկալ) Տիրամայրը առաջին անգամ երեւցաւ երեք փոքր հովիւներուն՝ ֆրանչեսքօ, Ճիաչինթա եւ Լուչիային, 13 մայիս 1917-ին' (96 տարի առաջ) մինչ անոնք իրենց ոչխարները կ՝արածէին ֆաթիմա գիւղաքաղաքի՝ Գոնգա տի Իրիա կոչուած վայրը։
Անոնք' ( երեք փոքր հովիւները) կը նշմարեն ամպ մը, որ նօսրանալով՝ կերեւայ տիկնոջ մը կերպարանքը, սպիտակ զգեստներով եւ մէկ ձեռքով վարդարան բռնած, Տիրամօր կը նմանի. աւելի ճիշդ' Տիրամայրն է որ կ՝երեւայ...
Այս առաջին երեւումին Տիկինը ժամադրութիւն կու տայ փոքրերուն յայտնելով որ յաջորդ ամսոյն 13-ին դարձեալ պիտի հանդիպի անոնց . եւ այսպէս' այլ հինգ անգամներ եւս կ՝երեւայ, մինչեւ 13 հոկտեմբեր եւ կու տայ պատգամներ։
Երեւումները կը շարունակուին որոնց ընթացքին Տիրամայրը կը յայտնէ եւ կը խօսի տեղի ունենալիք դէպքերուն մասին. թէ մօտ ատենէն վերջ պիտի գտնէր Առաջին Աշխարհամարտը, եւ եթէ մարդիկ չապաշխարեն, Բ. համաշխարհային պատերազմ մը տեղի պիտի ունենայ, որը աւելի կործանիչ պիտի ըլլայ... Տիրամայրը կը յայտնէ նաեւ ՜՜համայնավարութեան սպառնալիքը՝՝ որը կը յաղթահարուի եթէ ազգը նուիրուի Մարիամի Անարատ սրտին, Քահանայապետին եւ բոլոր եպիսկոպոսներուն ներգործութեամբ։
ֆրանչեսքօ եւ քոյրը Ճաչինդա մի քանի տարի ետք կը մահանան մին 1919-ին իսկ միւսը 1920-ին, uպանիա կոչուած համաճարակի պատճառաւ. այս հիւանդութիւնը (համաճարակ) Փորթուկալի մէջ բազմաթիւ զոհեր խլեց։ Սակայն Լուչիան վանք կը մտնէ Գարմելիթներու միաբանութիւնը, եւ իր յուշերը կը գրէ (այս երեւումներուն մասին) ինչպէս որ ինք ապրեցաւ...
1930-ին՝ կաթողիկէ եկեղեցին հռչակեց այս երեւումներուն գերբնականութիւնը արտօնելով անոր պաշտամունքը։ ֆաթիմայի մէջ Տիրամօր համար սրբավայր մը կառուցուեցաւ , եւ առաջին անգամ, երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը եղաւ որ այցելեց սոյն սրբավայրը 13 մայիս 1967-ին, Իսկ երանելի ՅՊԲ քահանայապետը բազմաթիւ անգամներ այցելութիւն կատարեց ֆաթիմայի Տիրամօր, որովհետեւ ինք հաւատքով ապաւինած էր Անոր մահափորձի ենթարկուելէն ետք եւ վստահ էր Տիրամօր նախախնամութեան ապա նաեւ իր երախտիքը յայտնելու համար այցելեց սրբավայրը բազում անգամներ։
Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը եւս մեծարեց ֆաթիմայի Տիրամայրը այցելելով սրբավայրը...










All the contents on this site are copyrighted ©.