2013-05-11 12:01:10

Պոլսոյ Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքը Ահաբեկելու Ծրագիր Մը Բացայայտուեցաւ


Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ բացայայտուած է Պոլսոյ յոյն ուղղափառ պատրիարք Բարթողիմէոսը ահաբեկելու ծրագիր մը, որ Անգարայի մէկ պետական դատախազին կողմէ հետաքննութեան կ՛ենթարկուի:
Հետաքննութիւնը ընթացք առած է, երբ Կեսարիայէն ուղարկուած է նամակ մը, որ կը նշէ, թէ պատրիարքը 29 մայիսին Մեհմեթ Ֆաթիհ սուլթանի կողմէ Պոլսոյ գրաւման 560-ամեակի օրը մահափորձի պիտի ենթարկուի: Ձերբակալուած է կասկածեալ մը եւ ոստիկանութիւնը երկու այլ անձեր կը փնտռէ: Ոստիկանական աղբիւրներ յայտնած են, որ կասկածեալները վերջերս Կեսարիայէն Պոլիս եկած են:
Ձերբակալուած կասկածեալը` Ս.Ա. հերքած է ամբաստանութիւնը եւ նշած, որ Պոլիս եկած է ազգականներու այցելելու եւ պատրիարքը սպաննելու որեւէ նպատակ կամ ծրագիր չունէր: Կեսարիոյ մէջ դատախազի մը մօտ բացուած թղթածրար մը փոխանցուած է Անգարայի պետական դատախազին:
Հետաքննութիւնը ի յայտ բերած է, որ 2008-ին ուղարկուած է այլ նամակ մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ Ս.Ա. կը ծրագրէ պատրիարքը սպաննել:








All the contents on this site are copyrighted ©.