2013-05-11 11:49:04

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Վարչութիւնը։


Ուրբաթ, 10 մայիս 2013-ի առաւօտուն, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ համայնքներու համախմբումի վարչութիւնը` առաջնորդութեամբ յիշեալ վարչութեան ատենապետ Մազլում արքեպիսկոպոսին: Յայտնենք, որ յիշեալ համախմբումը շուրջ վեց տարի առաջ յառաջացած էր շրջանի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն օրհնութեամբ: Անոր նպատակն է համախմբել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները, ներդաշնակել անոնց ունեցած կարելիութիւններն ու մարդուժը եւ որոնել ազդու միջոցներ քրիստոնեայ համայնքներուն մասնակցութիւնը ապահովելու իրենց ապրած երկիրներու ընկերութեան կեանքին: Յիշեալ համախմբումին մաս կը կազմեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ դոկտ. Ժան Սալմանեան եւ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպոյեան:
Վեհափառ հայրապետին հետ համախմբումի վարչութեան հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումները, «Արաբական գարնան» ստեղծած նոր կացութիւնը, քրիստոնեայ համայնքներու մօտեցումը եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները:
Ակնարկելով յիշեալ հարցերուն` վեհափառ հայրապետը շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներու շրջանին կապուածութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը, հակառակ անոնց դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն: Վեհափառը նաեւ կարեւոր նկատեց քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն հարցին եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:
Հանդիպման աւարտին Մազլում արքեպիսկոպոս վեհափառ հայրապետին պաշտօնապէս փոխանցեց հրաւէր` մասնակցելու յառաջիկայ հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք համաքրիստոնէական համագումարին, որուն նաեւ պիտի մասնակցին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու սփիւռքի ներկայացուցիչները:








All the contents on this site are copyrighted ©.