2013-05-10 13:39:46

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Այսօր ուրբաթ 10 մայիս 2013։ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 11-ին ընդունեց Աղեքսանդրիոյ Օրթոտոքս Ղպտիներու Նորընտիր Պատրիարքը Թաուատրոս Բ։
Սոյն հադիպումը կը զուգադիպի` 5 մայիս 1973-ին Պօղոս Զ-ի եւ Շնուտա Պատրիարքի ստորագրած ''Քրիստոսաբանութեան'' մասին յայտարարութեան քառասուն ամեակի առթիւ։ Յայտարարութիւն մը որ սկիզբ տուաւ երկու եկեղեցիներու միջեւ համամիութենական երկխօսութեան։
Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Պապը եւ Թաուատրոս Բ համամիութենական աղօթք կատարեցին Վատիկանի Րէտէմթորէս Մաթէր Մարտան մէջ։

Ժամը 11,45-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի խորհուրդի անդամներու պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ` Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Բիդէր Էրտոյի։ ֆրանչիսկոս Պապը ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Բիէմոնդէ նահանգի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի 7 եպիսկոպոսները։








All the contents on this site are copyrighted ©.