2013-05-10 12:50:42

Քահանայապետական Անուանումներ


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կարտինալ ֆրանք Ռոտէն, Կրօնաւորներու եւ Նուիրեալ Անձերու Ժողովի երբեմնի կառավարիչը նշանակած է որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու համար Սուրբ Մէթոտիոս եւ Սուրբ Կիւրեղ առաքեալներու Սլովաքիա ժամանելու` 1150րդ տարեդարձի տօնախմբութիւնները որ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 5 յուլիս 2013-ին Նիդրայի մէջ։

Սրբազան Հայրը նոյնպէս Կարտինալ Ժոչիֆ Պոզանիչ` Խրուաթիոյ Զաղրէպի Արքեպիսկոպոսը, նշանակած է իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու վերոյիշեալ առաքեալներու Չէխ հանրապետութեան մէջ ժամանելու` 1150րդ տարեդարձի տօնախմբութիւնները որ կը կատարուին միշտ 5 յուլիս 2013-ին։


Իսկ Կարտինալ Փոլ Ժոզէֆ Գորտէսը, Քահանայապետական Գոր Ունում` բարեսիրական մարմնի երբեմնի Նախագահը, նշանակած է յատուկ նուիրակ գլխաւորելու Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած Գերմանիոյ Ազգային գիտաժողովի փակման արարողութիւնը որ տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ 9 յունիս 2013-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.