28 Մայիսին Պէյրութի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՜՜Ռատիոթոն՝՝ը, որ այս տարի պիտի նպաստէ
Սուրիահայութեան ։ Ռատիոթոնի Կոչը՝ Համայն Հայութեան։ Սուրիահայութիւնը
կը դիմագրաւէ մեծ դժուարութիւններ: Հայկական սփիւռքի պատմական ու ճառագայթող այս գաղութը
այսօր դարձած է համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնը: Հաւաքաբար, անգամ մը եւս զօրակցինք
սուրիահայութեան եւ մասնակցինք այս առիթով 28 մայիսին ռատիոթոնին: Մեր սրտաբուխ համաժողովրդային
մասնակցութեամբ' '' անսանք սուրիահայութեան օգնութեան կանչին'':