2013-05-10 13:39:36

Նորին Սրբութիւնը Ընդունեց Թաուատրոս Բ. Պատրիարքը։


ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր` ուրբաթ 10 մայիսի առաւօտեան ժամը 11-ին ընդունեց Աղեքսանդրիոյ Օրթոտոքս Ղպտիներու Նորընտիր Պատրիարք` Թաուատրոս Բ։
Անոր ուղղած իր խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը ուրախութիւն յայտնեց Սուրբ Պետրոսի դամբանի մօտ ընդունելու Պատրիարքը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը, ''քառասուն տարիներ առաջ պատահած մեր նախորդրներուն պատմական, եղբայրութեան եւ համերաշխութեան հանդիպումի յիշատաակով''։
ֆրանչիսկոս Պապը ապա հաստատեց թէ այսօրուայ հանդիպումը կ՛ամրապնդէ բարեկամական յարաբերութիւննեը որ Սուրբ Պետրոսի Աթոռը կը միացնէ Սուրբ Մարկոսի Աթոռին։ Քահանայապետը վերյիշեց ''Քրիստոսաբանութեան'' մասին 1973-ին ստորագրուած յայտարարութիւնը որ կը դաւանէր ''մէկ եւ երրեակ Աստուած...ու մարդեղացած Միածին Որդւոյն Աստուածութիւնը''։
Սրբազան Հայրը ապա ներկայացուց համամիութեան ուղեւորութեան զանազան հանգրուանները նշելով թէ ''Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութեամբ, շարունակական աղօթքը, երկխօսութիւնը եւ իղձը ամէն օր կառուցելու փոխադարձ սիրոյ հաղորդութիւնը մեզի պիտի թոյլատրեն նոր ու կարեւոր քայլեր արձանագրելու դէպի վերջնական միութիւն։''
Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերեց Թաուատրոս Պատրիարքի փափաքով Եգիպտոսի մէջ ստեղծուած ''Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Խորհուրդը'' զայն որակելով ''Քրիստոսին հաւատացողներուն` կամքի կարեւոր նշան մը, առօրեայի մէջ զարգացնելու եղբայրական յարաբերութիւններ եւ ծառայելու Եգիպտոսի հասարակութեան։''
Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսքը եզրափակեց Թաուատրոս Պատրիարքին վստահեցնելով իր աղօթքները որպէսզի ''իրեն յանձնուած հօտը միշտ հաւատարիմ մնայ Քրիստոսի կոչին'' ու հայեցեց սուրբերու բարեխօսութիւնը որպէսզի ընկերանան ''մեր Եկեղեցիներու ուղեւորութեան։''








All the contents on this site are copyrighted ©.