2013-05-10 12:56:09

Աստուծոյ մեծագոյն Պարգեւը Հաւատացելոց՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը


Օր մը, Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս այն ժովուրդին որ զինք կը փնտռէր ըսաւ. «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, զիս կը փնտռէք ո՛չ թէ որովհետեւ նշաններ տեսաք, այլ որովհետեւ հացէն կերաք եւ կշտացաք: Փնտրեցէ՛ք ոչ թէ կորնչական կերակուրը, հապա այն կերակուրը որ կը մնայ յաւիտենական կենաց համար եւ զոր Մարդու Որդին ձեզի պիտի տայ»:
Հաւատքի բոլոր պարգեւներուն մէջ, զորս Աստուած պարգեւեց մարդկութեան, ամենամեծը եւ ամենաթանկագինը՝ Սուրբ Հաղորդութիւնն է: Արդարեւ, ամենասուրբ Հաղորդութիւնը հրաշալիքներուն հրաշալիքն է, զոր Աստուած միայն կրնար երեւակայել եւ իրագործել:
Ո՞ր մարդուն մտքէն պիտի անցնէր թէ Աստուած, ԱՆՍԱՀՄԱՆ ՍԷՐ-ը , մարդոց հանդէպ ունեցած ծայրահեղ ազդեցութեան տակ, պիտի կարենար գտնել եւ իրագործել այնպիսի հանճարիմաստ միջոց մը, որով կարելի պիտի ըլլար, մարդացեալ Բանին, իր փառաւորեալ մարմնով երկինք համբառնալը եւ, միաժամանակ բնակարանը հաստատելը մեր եկեղեցիներուն մէջ եւ մեր խորաններուն վրայ:
Մէկ կողմէն, երկինքը կը պահանջէր Յիսուսը՝ իր փառաւորեալ մարմնովը, որ պիտի ըլլար սուրբերուն յաւիտենական երանութեան առարկան: Միւս կողմէն, մեր Փրկիչը՝ չէր ուզեր բաժնուիլ աշխարհէն, քանզի մարդոց հետ կենակցիլը մեծ հաճոյք եւ բերկրանք կը պատճառէր իրեն:
Ուստի, դիտելով այսպիսի մեծ հրաշք մը, այսպիսի անսահման պարգեւ մը, իւրաքանչիւր հաւատացեալ սրտէն պէտք է ցայտի երախտագիտութեան հետեւեալ աղաղակը զոր մեզի կը ներշնչէ Սաղմոսերգուն. « Զի՞նչ տաց տրիտուր Տեառն, ընդ ամենայնի զոր եւ ետ ինձ: Բաժակ փրկութեան ընկալայց եւ զանուն Տեառն կարդացից»:
Հետեւաբար, ամենասուրբ Հաղորդութիւնը գրաւականն է երկինքի մշտնջենական երանութեան. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ով որ իմ մարմինս կ՛ուտէ եւ արիւնս կը խմէ՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ եւ ես: վերջին օրը պիտի յարուցանեմ զայն» (Յովհ. 6, 55) :
Նոյնպէս մեր Տէրը ըսած է. «Ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան եւ մեռան. այս է այն հացը որ երկինքէն կ՛իջնէ, որպէսզի եթէ մէկը անկէ ուտէ, չմեռնի ... այլ յաւիտեան ապրի» (Յովհ. 6, 49- 51):
Յաճախ մարդիկ հարց կու տան. միթէ առաքեալները հաւատացի՞ն թէ Յիսուս ներկայ էր սուրբ Հաղորդութեան շէջ: Ասոր մասին բնաւ տարակոյս չկայ: Արդարեւ, հազիւ Հոգին Սուրբը անոնց վրայ իջած էր, առաքեալները աճապարեցին իրագործելու Յիսուսի պատուէրը, նորոգելով սուրբ Հաղորդութեան ծէսը: Անոնք ըրին, ինչ որ Յիսուս ըրած էր Աւագ Հինգշաբթի օրը, եւ սրբագործեցին հացը եւ գինին Յիսուսի մարմնոյն եւ արեան: Եւ բաշխեցին զանոնք առաջին հաւատացեալներուն: Սուրբ Ղուկաս իր Գործք Առաքելոցին մէջ կ՛ըսէ. «Բոլոր հաւատացեալները կը յարատեւէին առաքեալներուն վարդապետութեան, Հաղորդութեան, Հացի բեկանման եւ աղօթքներուն մէջ»:
Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան իր մէկ քարոզին մէջ կ՛ըսէ. « Շատեր կ՛ըսեն. ո՛հ, ո՞րքան ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ Յիսուսի երեսը, անոր դիմագիծը եւ անոր հագուստները տեսնէինք: - «Ձեզի կ՛ըսեմ. ահա կը տեսնէք զայն անձամբ, անոր կը դպչիք եւ կ՛ուտէք զայն»:
ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.