2013-05-08 12:24:37

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Այսօրուան ունկնդրութեան իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով քրիստոնէականի իր ուսուցման շարքը, որ նուիրուած է հաւատքի տարւոյն, անդրադարձաւ հաւատամքի Սուրբ Հոգիի դաւանանքին ''Հաւատամք եւ ի Սուրբ Հոգին, յանեղն եւ ի կատարեալն''

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ յիշեց` թէ զատկական այս շրջանը յատուկ կերպով տոգորուած է Սուրբ Հոգիով։ Սուրբ Հոգին մեզի համար աստուածատուր կեանքի անսպառ աղբիւրն է։

Մարդ արարածը միշտ եւ ամենուրէք ցանկացած է ունենալ կեանք մը լիութեամբ, կեանք մը գեղեցիկ, արդար, եւ բարի։ Կեանք մը, որ ազատ է մահուան սպառնալիքէն։ Կեանք մը, որ կը հասուննայ եւ կ՚աճի, մինչեւ հասնի իր լիութեան։

Մարդ արարածը ունի ծարաւը, խոր ցանկութիւնը՝ կենդանի ջուրի, լոյսի, սիրոյ, գեղեցկութեան եւ խաղաղութեան։ Մենք բոլորս ունինք այս այս ցանկութիւնը։

Քրիստոս ինքն է, որ մեզի կը շնորհէ այս կենդանի ջուրը, այսինքն՝ Սուրբ Հոգին։ Ան մեզի կու տայ Սուրբ Հոգին լիութեամբ, ամբողջութեամբ։

Այս պարգեւին արդիւնքն է՝ որ մարդուն կեանքը առաջնորդուած, ոգեւորուած եւ տոգորուած ըլլայ Աստուծոյ հոգիով։

Արդ` քրիստոնեան կը նկատենք հոգեւոր մարդ. հետեւաբար ան անհատ մըն է, որ կը մտածէ եւ կը գործէ Ասուծոյ կամքին համաձայն, Սուրբ Հոգիի կամքին համաձայն։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը հարց տուաւ` ''իսկ մենք ի՞նչպէս կ՚ապրինք ­ մեր մտածումները եւ արարքները կը համապատասխանե՞ն Աստուծոյ կամքին'' Արդեօք շատ անգամ այլ բազմաթիւ իրականութիւններ չե՞ն որ կ՚առաջնորդեն մեզ։ Իրականութիւններ, որոնք հակոտնեայ են Աստուծոյ եւ աստուածային կամքին։

Սրբազան Հայրը շարունակելով իր պատգամը, ըսաւ՝ Սուրբ Հոգին յարուցեալին պարգեւն է։ Ան մեր մէջ կը բնակի, մեզ կը մաքրագործէ, կը լուսաւորէ, կը նորոգէ, մեզ կը կերպարանափոխէ որպէսզի մեզ մասնակից դարձնէ ասուածային կեանքին, որ է Սէրը։ Սուրբ Հոգին մեզ աստուծային կեանքին մասնակից կը դարձնէ իբր զաւակներ ''Միածին Որդիի միջնորդութեամբ'', ինչպէս կ՚անդրադառնայ Պօղոս առաքեալ։

Սուրբ Հոգին մեր մէջ կը ներգործէ իսկական զաւակներու կենաքը, որ մեր եւ Աստուծոյ միջեւ կը ստեղծէ յարաբերութիւնը մը՝ տոգորուած վստահութեամբ եւ ազատութեամբ, խոր վստահութեամբ՝ հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն եւ ողորմութեան։ Ապա եզրափակելով իր պատգամը ան շեշտեց, որ մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, որ ներշնչուած է Սուրբ Հոգիէն, մեր մէջ կը ստեղծէ սիրոյ նոր դիրքորոշում մը նաեւ մարդոց հանդէպ` ըլլան անոնք մօտ կամ հեռու։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ներկաները զանազան լեզուներով։

Իր պատգամի աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն։ ''Սիրելի երիտասարդներ, Յիսուսի Մայրը թող ձեզ դաստիարակէ արիութեան մէջ, որպէսզի կարենաք ճիշտ որոշումներ առնել։ Սիրելի հիւանդներ, Աստուածամայրը թող օգնէ ձեզի որպէսզի տառապանքը տանիք սիրով։ Իսկ ձեզի սիրելի նորապսակներ, Աստուածամայրը ըլլայ օրինակ` ձեր ամուսնական կեանքը հաւատարմութեամբ կերտելու''








All the contents on this site are copyrighted ©.