2013-05-08 14:13:16

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Կրօնական Միաբանութիւններու Մեծաւորուհիները։


Չորեքշաբթի 8 մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 9,30 ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան Սրահին մէջ ընդունեց կրոնական Միաբանութիւններու Մեծաւորուհիներու Միջզգային Միութեան Լիանիստ Համագումարի 900 մասնակցիները, որոնց շարքին էր նաեւ Անառատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւոր Մայր` Մայր Եվթոքսեա Քէշիշեանը։

Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ գոհունակութիւն յայտնեց իրենց հանդիպելուն ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տարած աշխատանքին որպէս նուիրեալ անձինք որ ''կը լուսաւորեն Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը։''

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ համագումարի նիւթին` ''Իշխանութեան ծառայութիւնը Աւետարանի համաձայն'', ներկաներուն առաջարկելով երեք խորհրդածութեան նիւթեր։
- Առաջինը քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն (Յովհ.16,15) ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կ՛ըսէ ''Դուք չէք որ ընտրեցիք զիս, այլ ես ձեզ ընտրեցի եւ հաստատեցի''։ Այս նախադասութիւնը բոլորին կը յիշեցնէ թէ կոչումը Աստուծմէ յառաջ եկած նախաձեռնութիւն մըն է ։
Քրիստոսն է որ ձեզ կանչեց իրեն հետեւելու եւ այս կը նշանակէ կատարել Աստուծոյ կամքը եւ Սուրբ Պօղոսի նման ըսել ''Ես չեմ որ կ՛ապրիմ, այլ Քրիստոս կ՛ապրի իմ մէջս''։
Պաշտել եւ ծառայել իրար միացած երկու իրողութիւններ են։Պաշտել Տէրը եւ ծառայել ուրիշներուն։ Ապրեցէք, Քրիստոսը ունենալով որպէս կեդրոն, որ նուիրեալ կեանքի աւետարանութեան ինքնութիւնն է։
Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ հնազանդութեան, աղքատութեան եւ պտղաբեր ողջախոհութեան մասին, որ հոգեւոր զաւակներ կը յառաջացնէ։
ֆրանչիսկոս Պապը որպէս երկրոդ նիւթ առաջարկեց ծառայութեան նիւթը։ ''Իշխանութիւնը ծառայութիւն է'' ըսաւ Ան եւ իշխանութեան գագաթնակէտը խաչին վրայ է։
''Թող այդպէս չ՛ըլլայ ձեր մէջ։ Ընդակառակն երբ ձեր մէջէն մէկը ուզէ մեծ ըլլալ` թող ձեր սպասաւորն ըլլայ եւ եթէ ուզէ առաջին ըլլալ թող ձեզի ծառայէ։'' Գիտցէք օգտագործել իշխանութիւնը, հետեւելով, հասկնալով, օգնելով սիրելով եւ մօտիկ ըլլալով բոլորին, նա մանաւանդ առանձնութեան մէջ ապրող անձերուն, եւ բոլոր անոնց որոնք կ՛ապրին մարդկային սիրոյն արուարձաններու մէջ։ Մեր աչքերը սեւեռենք խաչին, հոն է որ կը կեդրոնանայ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը, հոն է որ Ան որ Տէրն է ծառայ կը դառնայ եւ ամբողջովին ինքզինք կը նուիրէ։
Իսկ խորհրդածութեան որպէս երրորդ նիւթ, Սրբազան Հայրը առաջարկեց ''եկեղցականութիւնը''։ Ընթանալ եկեղեցւոյ հետ ու անոր մէջ, վկայելով եւ ապրելով Աւետարանը։
Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար եւ աւելցուց ''ողջունեցէք ձեր բոլոր միաբանակից քոյրերը իմ կողմէս...ձեզ կը քաջալերեմ ուրախութեամբ հետեւելու Աւետարանին։''

Վերոյիշեալ հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակը ուր հազարաւոր ուխտարւորներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.